Շաբաթ, 12 Յունիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը: Վկայական ստացան 79 շրջանաւարտ աշակերտներ՝ ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի:
Այս առիթով կազմակերպուած հանդէսին յաջորդաբար խօսք առին ուսուցչուհիներ, որոնք անդրադարձան վարժարանի առաքելութեան, դրուատեցին աշակերտներուն ջանասիրութիւնը եւ գնահատեցին մրցանակակիրները ու աւելի բարձր վկայականներու արժանանալու բարեմաղթութիւններ կատարեցին: Գնահատանքի իր սրտագին խօսքը արտասանեց նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ շնորհաւորեց 2020-2021 տարեշրջանի մատղաշ շրջանաւարտներու հունձքը, ապա ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ աշակերտի շնորհէ վկայական եւ արտասանէ իր սրտին խօսքը:
Սրբազան հայրը նախ բարձր գնահատեց վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ուսումնական եւ ծնողաց խորհուրդները ու բոլոր նուիրեալները, որոնք մնայուն կերպով սատար կը հանդիսանան վարժարանի ամէնօրեայ վերելքին, ապա ան դիտել տուաւ, որ հայ դպրոցը Լոս Անճելըսի հայութեան համայնքային եւ անհատական կեանքին մէջ իր կենսալի եւ ինքնուրոյն տեղը ունի, որովհետեւ հայ դպրոցին վստահուած է շատ վեհ առաքելութիւն մը, որ մարդուն մէջ հայ մարդը կերտելն է: Առաջնորդը նաեւ ընդգծեց, որ Շամլեան վարժարանին մէջ բազմաթիւ հայ պատանիներ առողջ եւ ամբողջական դաստիարակութիւն կը ստանան՝ շնորհիւ դպրոցին ջամբած քրիստոնէական եւ ազգային գիտելիքներուն ու ուսումնական ծրագիրին: Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ պարման-պարմանուհիներուն՝ սրբազանը զանոնք յորդորեց՝ ըսելով. «Ձեր պարտականութիւնն է հպարտ ըլլալ ազգային եւ հայկական պատկանելիութեամբ, ըլլալ տոկուն ձեր հաւատքին ու ձեզի վստահուած վսեմ պարտաւորութիւններուն մէջ, մի՛շտ ապրիլ հայօրէն՝ ի պատիւ հայ ժողովուրդի ոգեղէն արժէքներու պահպանման եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահով կեցութեան ու բարգաւաճման»:
Հուսկ, սրբազան հայրը կատարեց փակման աղօթքը եւ օրհնեց Շամլեան վարժարանի ընթացքը, ծրագիրները եւ այդ մեծ ընտանիքի անդամները: