ՋԵՐՄՈՒԿ-ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերը կը շարունակեն ամրացնել Հայաստանի պետական սահմանը եւ պաշտպանական նոր բնագիծեր ձեւաւորել այն շրջաններուն մէջ, որոնք սահմանակից են Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն: Գետնի վրայ աշխատանքներ կը կատարուին, նաեւ՝ Վայոց ձորի սահմանին պաշտպանական նոր բնագիծեր ձեւաւորելու ուղղութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ 16 Յունիսին, հայաստանեան խումբ մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամատարի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Ջերմուկի ուղղութեամբ տեղակայուած նոր մարտական յենակէտեր՝ ծանօթանալու սահմանային իրավիճակին եւ իրականացուող աշխատանքներուն:
Զօրամիաւորման եւ պետական սահմանի նշեալ հատուածի պաշտպանութիւնը կատարող զօրամասի պատասխանատուները լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին շեշտեցին, որ հայ դիրքապահները ամբողջութեամբ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ պատրաստ են որեւէ պահու կատարել իրենց ուսերուն դրուած աշխատանքները։

«Նոյեմբերի 9ի յայտարարութիւնից յետոյ մենք՝ զինուորականներս, կատարել ենք մեզ առաջադրուած խնդիրները: Նոյեմբերի 17-29ն ընկած ժամանակահատուածում գունդը կառուցել է պաշտպանութեան նոր տեղամաս, որտեղ հիմա մենք գտնւում ենք: Գնդին վստահուած տեղամասում իրականացւում է պետական սահմանի պահպանութիւն, եւ ակտիւ, մեծ ծաւալով իրականացւում են զբաղեցրած նոր բնագծերի ճարտարագիտական սարքաւորման, կահաւորման աշխատանքներ, ճանապարհների կառուցման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ առաջնագծի կահաւորման եւ լրահամալրման աշխատանքներ», լրագրողներու ըսաւ սահմանապահ N զօրամասի հրամանատար գնդապետ Գեղամ Մարտիրոսեան՝ աւելցնելով, որ գարունը հասնելէն ետք եղանակային պայմանները ընդամէնը 1 ամիս է, որ առիթ կու տան աշխատանքներ կատարելու դիրքերուն մէջ: Մինչդեռ մարտական յենակէտերու կառուցման, սարքաւորման, կահաւորման եւ ամրապնդման գործընթացը շատ բարդ, աշխատատար ու ընդ որում՝ մշտական գործընթաց է:
Իսկ տուեալ պարագային վիճակը կը բարդացնեն ոչ միայն կլիմայական պայմանները, այլ նաեւ տեղանքի մակերեսային բարդ անհարթութիւնները: Լրագրողները համոզուեցան ըսուածով՝ տեսնելով ճամբաներու կառուցման աշխատանքները:
Հայաստանի պետական սահմանի այս հատուածին մէջ իրադրութիւնը խաղաղ էր: Սահմանապահները կ՛ըսեն, որ հակառակորդին կողմէ յարձակողական գործողութիւններ կամ միջադէպեր չեն արձանագրուած:
Ատրպէյճանական յենակէտերը տարբեր դիրքերէ տարբեր հեռաւորութիւններու վրայ են, որոշ վայրերու մէջ՝ 1000-1500 մեթր, իսկ որոշ տեղերու պարագային՝ ընդամէնը 100-150 մեթր: Հակառակորդի կացարանները կարելի էր տեսնել անզէն աչքով:
Լրագրողներուն այցելած դիրքերու տարածքին մէջ հակառակորդը, զօրամասի հրամանատարին համաձայն, յառաջխաղացք չեն ունեցած, սակայն գունդին վստահուած ընդհանուր տեղամասի առանձին հատուածին մէջ սահմանի խախտում որոշակի չափով եղած է: Ատիկա տեղի ունեցաւ Մայիս 12էն ծաւալած յայտնի դէպքերուն ժամանակ, երբ ատրպէյճանական զինուժը ռազմական յարձակում կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ ներխուժելով Հայաստանի տարածք սահմանի քանի մը հատուածներէ: Այդ դէպքին վերաբերեալ գնդապետ Մարտիրոսեան մանրամասնութիւններ չհաղորդեց՝ խնդրելով իբրեւ հիմք ընդունիլ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած պաշտօնական տուեալները: Ամէն պարագայի, ըստ պատասխանատու զինուորականներուն, սահմանային իրավիճակը նշուած տեղամասին մէջ հանգիստ է:

«Լարուածութիւն չկայ, հակառակորդի կողմից որեւէ սադրիչ գործողութիւն ներկայ պահին չունենք», նշեց գնդապետ Մարտիրոսեան՝ շեշտելով, որ հայկական բանակի սահմանապահ ստորաբաժանումները, որոնց մէջ տուեալ տեղամասի դիրքապահները, մնայուն կերպով պատրաստ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները եւ դիմակայելու հակառակորդի որեւէ սադրանք ու ոտնձգութիւններ: Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ սովորական օրերուն, եւ թէ տօնական ու համապետական միջոցառումներու օրերուն, որոնց կարգին՝ 20 Յունիսին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Նմանատիպ օրերին առաւել եւս բարձրացւում է անձնակազմի զգօնութիւնը, մարտական խնդրի կատարմանն ընդգրկւում են լրացուցիչ ուժեր եւ միջոցներ, եւ ցանկացած պահի պատրաստ ենք կատարելու մեր առջեւ դրուած խնդիրը», ընդգծեց զօրամասի հրամանատարը:
Գնդապետ Մարտիրոսեան, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին՝ մարտական լուրջ փորձառութիւն ունեցող զինուորական է: Ան 2020ի Արցախեան պատերազմին Քարվաճառի ուղղութեամբ հերոսական պաշտպանութիւն կատարած զօրամասերէն մէկուն հրամանատարն է: Պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանով: