ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ պաշտօնական Մոսկուան ուշադրութեամբ կը հետեւէր Հայաստանի ընտրութիւններուն ընթացքին:

«Քրեմլին կը փափաքի, որ ժողովուրդին որոշումը օգնէ երկիրին, որ բռնէ զարգացման կայուն ճամբայ», յայտնեց Վլատիմիր Փութինի խօսնակը:
Մեկնաբանելով ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ Փոսքով ըսաւ. «Քրեմլին կը տեսնէ Փաշինեանի վստահ յաղթանակը եւ կը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդը»:
Իր կարգին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ աջակցելով բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման։ Ան եւս շնորհաւորեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին համար:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւս ուղերձ մը յղեց Փաշինեանին՝ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ. անոր ուղերձին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ադրբեջանա-թուրքական 44օրեայ ռազմական բռնարարքներից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական անկայուն իրավիճակի տրամաբանական հանգուցալուծումը եղաւ արտահերթ ընտրութիւնների անցկացումը: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններին ու ժողովրդին յաջողուել է կազմակերպել ժողովրդավարական ընտրութիւններ՝ չնայած բազմաթիւ արտաքին ու ներքին դժուարութիւններին ու մարտահրաւէրներին: Հաշուի առնելով ընտրութիւնների նախնական արդիւնքները՝ յաջողութիւններ եմ մաղթում ձեզ եւ ձեր գլխաւորած թիմին՝ ընտրողների մեծամասնութեան կողմից ստացած վստահութեան իրացման ճանապարհին։ Յաջողութիւն եմ մաղթում նաեւ ժողովրդի որոշակի վստահութեան արժանացած միւս քաղաքական ուժերին»։
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւս շնորհաւորեց Փաշինեանը եւ անոր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաւելագոյն ձայներ հաւաքելնուն համար: