Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

20 Յունիսը հասաւ ի վերջոյ, Հայաստանի քաղաքացիները ընտրեցին Ազգային ժողովի անդամները: Քուէարկութեան կեդրոնները փակուեցան երեկոյեան ժամը 8ին (այս տողերը արձանագրելէ կարճ ատեն մը առաջ), ընտրական յանձնախումբը սկսաւ հրապարակել տեղամասերու արդիւնքները: Բացայայտ է, որ ընդհանուր արդիւնքներուն պատկերը պիտի յստականայ մինչեւ 24 ժամ, իսկ պաշտօնական արդիւնքներուն համար պէտք է սպասել քանի մը օր եւս:
Քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն անմիջապէս ետք, ու ըստ կարելւոյն հետեւելով իշխանութեան եւ ընդդիմադիր աղբիւրներու հաղորդումներուն, կան թելադրական փաստեր: Վերցնենք մէկ քանին (բոլոր մանրամասնութիւնները արձանագրելու համար պէտք պիտի ունենանք քանի մը տասնեակ սիւնակի):
– Քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն նուազ քան 50 առ հարիւրը (49.4), որ մօտաւորապէս մէկ առ հարիւրով աւելի է նախորդ՝ 2018ի մասնակիցներէն: Կարելի է հազար ու մէկ ձեւով մեկնաբանել այս պատկերը, սակայն գոնէ նշենք, թէ սա կը նշանակէ, որ քուէարկողներուն աւելի քան կէսը փաստօրէն անտարբեր է անցուդարձներուն նկատմամբ: Սա կրնայ կոչուիլ հիասթափութիւն՝ իշխանութիւններէն, ընդդիմադիրներէն, նաեւ անվստահութիւն՝ նորելուկներուն հանդէպ, կամ, տակաւին՝ մնացած ըլլալ 44օրեայ պատերազմին պատճառած ցնցումներուն ազդեցութեան տակ։ Գործնապէս, որ ընտրութիւններուն համար ընտրուած պահը պատեհ չէր, երկիրը տակաւին պատրաստ չէ նման պատասխանատու քուէարկութիւն կատարելու: Պարզ ու անվիճելի իրականութիւն է, որ երկրին ապրած ճակատագրական փուլը կրաւորականի կօշիկներուն մէջ պահած է ժողովուրդին մեծ մասը:
– Ոստիկանութեան իսկ հաստատումով, արձանագրուած է ապօրինի արարքներու թիւ մը, որ սպասելի չէր, մանաւանդ, որ այս իշխանութիւնը կը հաւաստէր, թէ իր օրով նման պատկեր չի կրնար արձանագրուիլ: Ընդդիմադիրներ աւելի ուժեղ լուսարձակի տակ բերին այս իրականութիւնը: Աւելին, եթէ սա կամ նա օրինախախտումը այլապէս «բնական երեւոյթ» է որեւէ երկրի պարագային, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են խախտումներ, որոնք ցոյց կու տան, որ իշխանաւորները իրենց լծակները լաւագոյնս օգտագործած են, որպէսզի արդիւնքները ի նպաստ իրենց ըլլան (կ’արձանագրենք, որպէսզի այս նշումը որեւէ ձեւով չդիտուի իբրեւ վերջնական արդիւնքներուն լոյսին տակ եղած՝ «ուշացած նշում», ինչ ալ որ ըլլան արդիւնքները): Ի դէպ, սա սպասելի էր. ընդդիմադիրները, որոնք ի սկզբանէ մատնանշած էին իշխանաւորներուն հաւանական ընելիքները, հիմա կրնան խօսիլ փաստացիօրէն:
– Շեշտելով շեշտենք, թէ որեւէ խախտում, ապօրինի արարք, չի կրնար արդարացում ունենալ: Ինչ որ հաղորդուեցաւ, ցոյց կու տայ, որ իշխանականներու միջամտութիւնները ունեցած են ուղղակի եւ անուղղակի ձեւեր: Ուղղակին կատարուած է քուէարկողներ ուղղորդելով, քուէաթերթիկները անվաւեր նկատելու փորձերով (օրինակ, կ՛ըսուի, թէ ընդդիմադիրներու ընտրական թիւերը կրող՝ որոշ թիւով թերթիկներու վրայ սկիզբէն որոշ նշաններ դրուած են, որպէսզի անոնք ապօրինի նկատուին համրանքի պահուն. Այս մասին ահազանգ տրուեցաւ ընտրութեան նախօրեակին), նկատուած են կրկնակի քուէարկումի պարագաներ, մինչեւ իսկ… մահացածներու անուններ երեւցած են ցանկերու վրայ (սա իւրայատուկ «գիւտ» չէ Հայաստանի համար, եւ յամենայնդէպս՝ ոչ արդարանալի): Անուղղակի փորձերը կատարուած են հետեւեալ ձեւերով. քուէարկութեան կեդրոններու մէջ հսկիչներու անտեղի հարցապնդում եւ որոշ պարագաներու՝ ոստիկանատուն տանիլ, գործնապէս խանգարելով անոնց գործը. ամէնէն աղաղակող դէպքը (ոչ միակը) այն էր, որ Երեւանի բժշկական կեդրոնի մը տնօրէնը անհիմն մեղադրանքով հարցաքննութեան կանչուեցաւ նախօրեակին, յետոյ, «ներողութիւն, սխալած ենք եղեր»ի պէս չքմեղանքով մը ազատ արձակուեցաւ քուէարկութեանց մեկնարկէն հազիւ ժամ մը առաջ, այլ շրջաններու մէջ եւս քուէարկութեան կեդրոններ անտեղի խուզարկութիւններու ենթարկուեցան եւ աշխատանք տանողներ ոստիկանատուն տարուեցան հարցաքննութեան, մի՛շտ հասնելու անոնց անպարտ արձակման…
Նախնական արդիւնքներու համաձայն, երկու գլխաւոր մրցակիցները՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան, մօտ արդիւնքներ ձեռք բերած են. գոնէ այդ էր նաեւ միջազգային մամուլի նախնական գնահատումները: Ինչպէս նշեցինք, պատկերը աւելի պիտի յստականայ քուէատուփերուն փակումէն 24 ժամ ետք:
Քուէարկութեանց զուգահեռ, թ՛է հայկական եւ թէ միջազգային լրատու աղբիւրներու գնահատումներուն շարքին, կար հասարակ կէտ մը. հայերը ունին երկու հիմնական ընտրանք. փրկել Հայաստանն ու փորձել վերականգնիլ պատերազմին ահաւոր հետեւանքներու վիհէն, կանխարգիլել յաւելեալ կորուստներ (հողային, քաղաքական եւ այլ), կամ… փրկել իշխանաւոր մը եւ իր գործակիցները, որոնք շատերու կողմէ կը նկատուին աղէտալի վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն, իշխանաւոր մը, որ կը փորձէ ժողովուրդը համոզել, թէ ինք երկիրն ու ժողովուրդը փրկած է շատ աւելի մեծ աղէտէ, եւ հիմա, կը մտածէ, թէ կարելի է երկու թշնամիներուն հետ լեզու գտնել եւ կայունութիւն բերել (օտար աղբիւրներու հոգը չէ, յայտնապէս, որ ազերիական բանակներ թափանցած են Հայաստանի սահմաններէն ներս):
Հայկական որոշ շրջանակներու համար, արձանագրուած է շատ իւրայատուկ դէպք մը. Սիւնիքի մէջ, սահմանային Շուռնուխ գիւղին մէջ Փաշինեան քուէներ ստացած է. սա այն գիւղն է, որուն մէկ մասը ամիսներ առաջ ազերիներուն կողմէ խլուեցաւ «Ճի.Փի.Էս.»ի միջոցով «սահմանագծումով», քանի մը բնակիչներ իրենց տունը կրակի տուին, որպէսզի ազերիները անոնց չտիրանան: Քաղաքական անձնաւորութիւն մը դառնութեամբ նկատեց, որ ուրեմն Հայաստանի մէջ կան քուէարկողներ, որոնք կը հանդուրժեն տունի եւ հայրենի հողի կորուստին, չեն ըմբռներ, թէ 44օրեայ պատերազմն ու հետեւանքները ինչպիսի՛ աղէտ էին եւ նոր վտանգներու տակ կը պահեն մեր հայրենիքը:
Այս իրականութիւններուն լոյսին տակ է որ 20 Յունիսի երեկոյեան, հայութիւնը կը սպասէ գիտնալու՝ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաղթողը…
20 Յունիս 2021 (յետմիջօրէ)