
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) փոխնախագահ, ՀՅԴի անդամ Սարինէ Աբրահամեան, պատմելով ԸԵՄՄի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւին մասին՝ ըսաւ, թէ երբ պատերազմը սկսաւ, իրենք անմիջապէս կապ հաստատեցին միութեան` IUSY-ի, նախագահութեան հետ, որ պէտք է յայտարարութիւն կատարէ եւ դիրքորոշում որդեգրէ, որովհետեւ Արցախը յարձակման ենթարկայ է։
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք,Սարինէ Աբրահամեան նախորդող օրերուն ընտրուեցաւ ԸԵՄՄի փոխնախագահ:
ԸԵՄՄը միջազգային միութիւն է, որ 106 երկիրներու մէջ ունի առաւել քան 150 երիտասարդական կազմակերպութիւններ: Սարինէ Աբրահամեան ըսաւ, որ միութիւնը, որդեգրելով Արցախի անկախութեան մասին այս բանաձեւը՝ ցոյց կու տայ, որ բոլոր 150 անդամ կազմակերպութիւնները կ՛ընդունին զայն եւ իրենց համար այս բանաձեւը կը դառնայ պարտադրող: Բանաձեւը ընդունելով նաեւ առիթ կը տրուի յառաջիկային գործնական քայլերու ձեռնարկելու միջազգայինի միութեան ծիրին մէջ։
«Երբ պատերազմը սկսուեց, մենք բաւական լաւ յարաբերութիւններ ունէինք թէ՛ մեր տարածաշրջանային կազմակերպութիւնների հետ, որոնք անդամակցում են միութեանը, թէ՛ ընդհանուր Եւրոպայում կազմակերպութիւնների, նախագահութեան ներկայացուցիչների հետ: Այդ ժամանակուանից արդէն մենք սկսել ենք բարձրաձայնել պատերազմի բոլոր ցաւալի հետեւանքների մասին: 2017ին ԸԵՄՄի հետ համագործակցաբար մենք Արցախում կազմակերպեցինք ուսումնական այց: Այդպիսի քայլերով ժամանակի ընթացքում փորձել ենք Արցախի խնդիրը լսելի եւ ճանաչելի դարձնել», ըսաւ Սարինէ Աբրահամեան:
Ան նշեց, որ բանաձեւին ընդունումէն առաջ միութեան անդամ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները շատ քիչ տեղեկութիւն ունէին Արցախի մասին: Ճանաչողական այցելութիւնը, որուն մասնակցեցան 25 երիտասարդ քաղաքական գործիչներ, նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներու իրենց տեղեկատուական աշխատանքը, յատկապէս պատերազմի օրերուն, քայլ առ քայլ տուին իրենց արդիւնքը:
«Երբ եղաւ պատերազմը, մենք անընդհատ բարձրացրինք հարցը, անընդհատ կապի մէջ էինք մեր գործընկերների հետ, եւ իրենց թէ՛ տեղեկութիւն էինք փոխանցում, թէ՛ փորձում էինք համոզելով, կոչ անելով, որ անպայման այս հարցերը բարձրացնեն` թէ ի՛նչ է տեղի ունենում Արցախում, ինչպիսի յարձակումներ են տեղի ունենում Ադրբեջանի կողմից, ինչպիսի ոճրագործութիւններ մարդկութեան դէմ…», ըսաւ ան։ Ապա, երբ արդէն պիտի տեղի ունենար ԸԵՄՄի բարձրագոյն ժողովը, իրենք արդէն պատրաստած էին բանաձեւ մը եւ սկսած դերակատար բոլոր անձերուն հետ կապի մէջ մտնել, որպէսզի անպայման բանաձեւը բոլոր խիստ շեշտադրումներով որդեգրուի` առանց հակազդեցութեան:
«Երկու տարին մէկ Միութեան բարձրագոյն ժողովին առիթ է տրւում, որ բոլոր կազմակերպութիւնները ներկայացնեն բանաձեւ այն խնդիրների մասին, որոնք իրենց յուզում են: Այս բանաձեւում կոչ է արւում միջազգայնօրէն ճանաչել Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, բանաձեւում Ադրբեջանի եւ Թուրքիային դատապարտելուց բացի կոչ է արւում յստակ քայլեր ձեռնարել, այդ թւում` նամակ յղել ՄԱԿին՝ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիներին եւ պատանդներին, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին՝ խաղաղ բանակցութիւնների գործընթացը վերսկսելու, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕին՝ յորդորելով անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Բոլոր կազմակերպութիւնները, ովքեր անդամակցում են, հիմնականում տարբեր երկրներում քաղաքական կուսակցութիւնների երիտասարդական թեւն են ներկայացնում: Կուսակցութիւններ, որոնք ղեկավարում են երկրներ, կառավարութեան անդամներ են․ այս կազմակերպութիւնները բանաձեւի միջոցով կարող են աշխատանք տանել իրենց երկրներում, իրենց մայր կուսակցութիւնների հետ, որպէսզի քայլեր ձեռնարկուեն այդ ուղղութեամբ ու կարողանանք կառավարութիւնների կոչ անել, որ իրենց դիրքորոշումը յայտնեն եւ ճանաչեն Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը», ըսաւ Սարինէ Աբրահամեան:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ կը դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ ռազմական օգնութիւնը, վարձկաններու տեղափոխումը՝ Ատրպէյճան, նաեւ Թուրքիոյ կեցուածքը, որ բացարձակապէս չի նպաստեր որեւէ խաղաղ հանգուցալուծման:
«Այն մտքով է ներկայացուած, որ Թուրքիան փորձում է ուժերի փոփոխութիւն ստեղծել եւ իր միջամտութեամբ հիմնախնդիրը աւելի սրել, լարել․ այդպիսով, բանաձեւում խօսւում է Թուրքիայի դերը դատապարտելու մասին», դիտել տուաւ Սարինէ Աբրահամեան:
Արցախի հարցի լուծումը ան կը պատկերացնէ Արցախի հարցի միջազգային ճանաչումով: «Վերջին զարգացումները ապացուցեցին, որ միայն ճանաչումով մենք կարող ենք ապահովել արցախցու ազատ ապրելու իրաւունքը: Այսօր մենք յոյս ունենք, որ հարցը կ’ունենայ խաղաղ եւ կայուն լուծում», ըսաւ ան։
Բանաձեւին մէջ չի նշուիր, որ ի՛նչ սահմաններով պէտք է ճանչցուի Արցախի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ անիկա այն հարթակը չէ, ուր պէտք է քննարկուի սահմաններու հարցը, պարզապէս բանաձեւին մէջ տեղ գտած կոչը պէտք է տեսնել այն դիտանկիւնէն, որ միայն ճանաչումով կարելի է ապահովել Արցախի մէջ ապրող հայ մարդուն կեանքը, որպէսզի հայ մարդը վտանգուած չըլլայ, ապահով ապրի իր հայրերուն հողին վրայ:
«Մենք այդտեղ կարող ենք թէ՛ ստեղծել կապեր այլ երիտասարդ քաղաքական գործիչների հետ եւ թէ կարող ենք մեր հայկական խնդիրները բարձրացնել, նաեւ կարող ենք մեզ դաշնակցական երիտասարդներից յուզող հարցերի մասին բարձրաձայնել, օրինակ` մարդկային իրաւունքներ, ընկերային արդարութիւն, համաշխարհային համերաշխութիւն եւ այլն, կարող ենք նաեւ տարբեր համաշխարհային խնդիրներ քննարկել եւ քաղաքական լուծումներ տալ», եզրափակեց Սարինէ Աբրահամեան: