
Էմրէ Խան Տաղլիօղլու, Արմէն Մանուկ Խալոյեան, Պետրոս Թորոսեան եւ Վիքթորիա Աբրահամեան
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ մագիստրոսի եւ դոկտորի տիտղոսներու թեկնածու ուսանողներու ուսումնասիրութիւններու եւ գիտաժողովներու յատուկ կրթանպաստներու ծրագիրէն չորս կրթանպաստներ եւս յատկացուցած է։
2019ին հաստատուած եւ մինչեւ 1000 տոլարի այս կրթանպաստներու հիմնադրամին նպատակն է՝ օժանդակել ուսանողներուն, որ աւելի դիւրութեամբ աւարտեն իրենց ուսումնասիրութիւնները կամ կարենան մասնակցիլ գիտաժողովներու, հասնելով անոնց ճամբորդական ծախսերուն։
Ընկերակցութիւնը կրթանպաստները կը տրամադրէ հետեւեալներուն.
– Վիքթորիա Աբրահամեան դոկտորի տիտղոսի թեկնածու է Զուիցերիոյ Նոշաթելի համալսարանին մէջ եւ կ՛ուսումնասիրէ 1920-1939ին Սուրիոյ մէջ ֆրանսական հովանիին տակ ապրող հայ գաղթականներուն վիճակը։
– Էմրէ Խան Տաղլիօղլու դոկտորի տիտղոսի թեկնածու է Սթենֆըրտի համալսարանին մէջ եւ կ՛ուսումնասիրէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 19րդ դարու վերջաւորութեան դրամատիրութեան կրած փոփոխութիւնները, պետութեան միջամտութիւններուն հետեւանքով։
– Արմէն Մանուկ Խալոյեան դոկտորի տիտղոսի թեկնածու է Ճորճթաունի համալսարանին մէջ եւ կ՛ուսումնասիրէ ռուս-թրքական ճակատին վրայ իրադարձութիւնները՝ 1914-1917ին, ռուսական բանակին օժանդակած հայկական կամաւորական ջոկատին պրիսմակէն։
– Պետրոս Թորոսեան դոկտորի տիտղոսի թեկնածու է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն եւ անոր ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի 20րդ դարու սկիզբը Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ մեծ թիւով տղամարդոց գաղթին եւ անոր հետեւանքներուն։
Յաջորդ կրթանպաստներուն համար դիմումները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 15 Սեպտեմբեր։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ անոր անդամակցելու կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: