Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ 20 Յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, յստակացումէ աւելի՝ նոր հարցականներ ծագեցան հազար ու մէկ պատճառով, որոնք նիւթ դարձան (եւ նիւթ կը մնան) տասը հազար եւ մէկ մեկնաբանութիւններու: Գլխաւոր հարցումները եւ անոնց պատասխաններ գտնելու փորձերը, ըստ «աւանդութեան», հակադիր տեղեկութիւններով եւ տեսութիւններով ողողած են դաշտերը. եթէ իշխանութիւնը կը պնդէ, որ ընտրութիւնները վճռած են ամէն բան, ինք անառարկելի յաղթանակ տարած է եւ նոր լիազօրութիւն ստացած է ժողովուրդէն՝ աւելի՛ հաստատ քայլերով, «պողպատեայ յեղափոխութեամբ», «օրէնքի բռնատիրութեամբ» եւ նման նշանախօսքերով առաջնորդելու երկիրը, ընդդիմադիր ճակատէն կը բարձրանան ընտրակեղծիքներու դէմ բողոքի ձայներ, հրապարակ կը բերուին մեղադրանքը հաստատող փաստեր, որոնք, կը ներկայացուին իբրեւ «արդիւնքներուն վրայ ազդեցութիւն չունեցող» իրականութիւններ, «մարդկային սխալներ»ու կը վերագրուին եղածները: Ըլլայ խորհրդարան մտնելու բաւարար քուէ ապահոված դաշինքները, ըլլայ դուրս մնացած ընդդիմադիրներ (նաեւ իշխանութեան որոշ համակիրներ) կը կանգնին խառնաշփոթ վիճակի մէջ, հարց տալով, թէ արդեօք «խորհրդարանական ընդդիմութիւն»ը պէ՞տք է վերջնականապէս ընդունի արդիւնքները եւ մտնէ խորհրդարան, թէ հրաժարի խորհրդարան մտնելէ եւ փաստերու կոյտը օրէնքի ճամբով ցուցահանելով՝ ստեղծէ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ:
Ամէնէն աւելի հնչող հարցականը այն է, թէ ինչպէ՞ս հասանք նման անկայուն կացութեան, այսինքն՝ իշխանափոխութեան անվիճելի պահանջով ճամբայ ելանք եւ հասանք վնասարար վարքագիծին վերահաստատման, հոգ չէ թէ իշխանաւորներ ու անոնց համակրանք տածողներ փորձեն համոզել, թէ ետդարձի ճամբաները փակուած են, իշխանութիւնը պիտի շարունակէ այն գիծը, որ սկիզբ առաւ 2018ին եւ ութ ամիսէ ի վեր իր ուսերուն կը կրէ… 44օրեայ պատերազմին անբարունակ եւ անվիճելի բեռները, ու դեռ շատ աւելին:
ՔԱՆԻ ՄԸ ՔԱՅԼ ԴԷՊԻ ԵՏ
«Հոս հասանք»ը ունի բազում բացատրութիւններ: Կանգ առնենք մէկ քանիին առջեւ:
44 օր շարունակ «Յաղթելու ենք»ը 10 Նոյեմբերին «պարտուեցանք»ով փոխարինած իշխանութիւնը գիտէր, թէ ինչպիսի աղէտի մատնած էր Հայաստան-Արցախն ու ամբողջ հայկական աշխարհը (եթէ այսօր կայ մէկը, որ չի գիտակցիր այդ աղէտին տարողութիւնն ու հեռահասութիւնը, ո՛վ է անոր արարիչն ու պատասխանատուն, կրնանք պարզապէս ըսել, թէ «խօսք չհասկցողին խօսք հասկցնելը անկարելի բան է»), ուրեմն, սկզբնական շրջանին, դիմեց այլանդակ ինքնապաշտպանութեան, յայտարարելով, որ «չենք պարտուած՝ այնքան ատեն որ պարտուած չենք զգար», յետոյ աշխուժօրէն ձեռնարկեց ամէն պատասխանատուութիւն ուրիշներու ուսին նետելու արշաւին: Փաստը այն էր որ, դժբախտաբար եւ ցաւալիօրէն, կորսնցուցած (նուէր տուած) էինք Արցախի մեծագոյն բաժինը, տուած էինք հազարաւոր զոհեր (հիմա տեսութիւններ կան, որ այդ զոհաբերութեան նպատակներէն մէկն ալ, ընդհանուր տարազաւորումին մէջ, բանակին իմաստազրկումն ու կազմաքանդումն էր), ունեցած էինք նիւթական եւ այլ ահաւոր կորուստներ: Պատերազմի օրերուն, ընդդիմադիր կուսակցութիւններ յայտնապէս գիտակցած էին, թէ դէպքերը ո՛ւր կը տանին եւ, հաւատարիմ մնալով մասնակի հակադրութիւնները մէկդի ձգելով՝ ընդհանրական վտանգները միացեալ ճիգերով եւ կեցուածքով դիմագրաւելու կեցուածքին՝ կանգնած էին ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ կողքին, եւ սակայն, իմաստուն եւ գիտակ քաղաքագէտներու եւ զինուորականներու նման, իրենց դիմաց գտած էին իշխանաւորներուն մերժումն ու արհամարհանքը: Եթէ այդ օրերը մոռցողներ (կամ մոռնալ ուզողներ) կան, այս քանի մը տողը կ՛արձանագրենք յիշողութեանց զսպանակները իւղոտելու դիտաւորութեամբ:
Պատերազմի աւարտէն կարճ ատեն մը ետք, իրականութիւնները յստակացնելու եւ ապիկարները իշխանութեան ղեկէն հեռացնելու արդար կոչերը ընթացք առին: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ անդունդէն վեր ելլելու միակ ձեւը՝ կառավարութեան հրաժարումն է, ապա՝ իշխանութեան բերել ատակ եւ գիտակ հայրենասէրներ, որոնցմով կազմուէր անցումային կառավարութիւն մը, որպէսզի աղէտին անմիջական դարմաններէն ետք, կարելի ըլլար նաեւ ստեղծել՝ երկրին բոլոր ձեռքերն ու կարողութիւնները լաւագոյնս օգտագործելու ատակ՝ Ազգային ժողովի մը ընտրութեան մթնոլորտը: Պէտք է վերյիշել, թէ ընդդիմադիրները (որոնցմէ մէկ քանին յետոյ անաղմուկ դուրս եկան միասնական ճակատէն) յայտարարած էին, թէ հարցը աթոռակռիւ չէ եւ չի կրնար ըլլալ այդ փուլին, բոլորս միասնաբար կը կանգնինք ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՓՐԿԵԼՈՒ կամ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԻՆ առջեւ:
Իշխանութեան հակաշարժումը շուտով թափ ստացաւ: Վերստին հրապարակ նետուեցան նախկիններուն «գող-աւազակներ» ըլլալու, բանակն ու երկիրը կողոպտած ըլլալու եւ պատերազմին մէջ մեր կրած պարտութեան պատասխանատուն ըլլալու «վարկածներ»ը: Նախկինները բնականաբար ունեցած են բազում թերութիւններ, վնասարար ընթացքներ, սակայն ո՛չ մէկը մտածեց հարց տալ, թէ այն ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Սեպտեմբեր 27ին պայթած պատերազմէն միայն քանի մը ամիս առաջ, նոյն բանակն էր որ յաղթականօրէն ետ մղած էր Տաւուշի վրայ ազերիական յարձակումը (եթէ 2016ը նկատենք «հեռու անցեալ»), նոյնինքն վարչապետին կողմէ որակուած էր շրջանի ամէնէն մարտունակ բանակը, շքանշաններ բաշխուած էին հերոսներուն, իսկ Արցախի նախագահն ու անոր կողքին կանգնողները հաւաստած էին, թէ Արցախի սահմաններն ու երկինքը լաւապէս պաշտպանուած են: Եթէ այդպէս չէր, ուրեմն այսօր կարելի է խղճի ամենայն… անհանգստութեամբ հետեւցնել, որ սուտին պոչը այդ օրերուն սկսած էր աճիլ:
Ընդդիմադիրներու արդար պահանջներն ու հայութեան շոգեկառքը ըստ կարելւոյն իր ուղիին վերադարձնելու ճիգերը, գիտենք, թէ ինչի՛ մատնուեցան: Ծայր առաւ «ընտրութիւնները անհրաժեշտ չեն, անհրաժեշտ են»ի ետ-յառաջ «Քոչարի»ն: Եւ յանկարծ, վարչապետը խորհրդակցութեան հրաւիրեց խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն պետերը եւ անոնց հետ հասաւ արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու համաձայնութեան: Այլ խօսքով, ընդդիմադիրներէն գոնէ մէկը, որ պատերազմէն ամիսներ առաջ հրապարակը փոթորկած էր յանդուգն եւ արդար պահանջով մը, ըսելով, որ երկիրը ամէն տեսակի վնասի մատնած եւ վտանգներու տանող կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի, յետոյ ձայնակցած էր անցումային կառավարութեան մը կազմութեան անվիճելի տեսակէտին, ահա ընդունեց Փաշինեանի հովանիին տակ արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու ընտրանքը: Այդ ուղղութեան յարեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահը, որ պատերազմի աւարտէն կարճ ատեն մը ետք, ձայնակցած էր վարչապետի հեռացման համընդհանուր պահանջին (չթուենք, թէ որոնք էին պահանջողները: Անոնք աթոռամոլ չէին, այլ սեւեռակէտ ունէին հայրենիքի փրկութիւնը): Արտախորհրդարանական ուժերը փորձեցին կարելին, սակայն իշխանութեան եւ անոր յարողներուն լծակները գործեցին աւելի՛ ազդու (չարհամարհենք դուրսերէն եւ վարագոյրներուն ետեւէն եկող «խրատները»…):
Ու մինչ ընտրապայքարի բեմը կը պատրաստուէր, յանկարծ աշխուժացաւ նոր կուսակցութիւններու հասկաքաղ մը, որուն ցանքը սկիզբ առած էր վաղուց, մէկ մասը՝ 2018ի իշխանափոխութեան զուգահեռ: Հիմա, ընտրութիւններէն ետք, մասնաւորաբար Գ. Ծառուկեանի եւ Է. Մարուքեանի կուսակցութիւնները ազատ ժամանակ ունին յարալէզներ կանչելու եւ կշռադատելու, թէ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով ի՛նչ բաժին ունեցան այսօրուան վիճակին ստեղծման մէջ, սկսելով Փաշինեանի ձախլիկ վարքագիծին դէմ հասունցած՝ հայրենիքի վերականգնումի շարժումին տկարացման եւ աղճատման իրենց «ներդում»էն:
ԱՆԱԿՆԿԱԼ, ՈՉ ԱՆԱԿՆԿԱԼ
Աւելի չխորանանք եւ չմանրամասնենք ընտրութիւններու նախընթաց իրադարձութիւնները, «զի բազում են… ու անասելի…»: Հիմա, մասնաւորաբար ընդդիմադիր զօրակայանին մէջ, զրոյցները կը զարգանան երկու գլխաւոր գիծի վրայ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ այս արդիւնքները անակնկալ չեն, որովհետեւ ընդդիմադիրները ի սկզբանէ շեշտած էին եւ մինչեւ վերջին պահն ալ կրկնեցին, որ պարտուած եւ աղէտի տանող իշխանութեան ներկայութեան կարելի չէ արդար ընտրութիւն կազմակերպել, որովհետեւ (ինչպէս որեւէ իշխանութիւն) աթոռը պահողները կառավարական բոլոր միջոցները առաւելագոյնս պիտի լծեն յօգուտ իրենց վերադարձին (եւ այդ նախատեսութիւնը հաստատուեցաւ անգամ մը եւս), իսկ ուրիշներ կ՛ըսեն, որ արդիւնքը անակնկալ է, որովհետեւ՝ հիմնականօրէն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ տեղի չունենային բազմաճիւղ խարդախութիւնները: Բնականաբար կը սպասուի, որ այս փաստերը մէկտեղուին եւ խորհրդարան մտնելու իրաւունք ունեցողները անոնց հիմամբ Սահմանադրական դատարան դիմեն (այս կամ այն ակնկալութեամբ կամ… ոչինչ ակնկալելով), անոնց քայլերը արձագանգ գտնեն դուրս մնացողներէն (եթէ անոնք արդէն իսկ այլ հաշուարկերով չեն «զինուորագրուած»…)
Ինչ որ ալ ըլլան յառաջիկայ ժամերու եւ օրերու զարգացումները (այսօր 24 Յունիս է), նորաստեղծ պատկերը ըստ բաւականին յստակ է. իշխանութիւնը, հակառակ իր բոլոր յոխորտանքներուն, փաստօրէն հսկայական նահանջ կրած է, իր ապահոված՝ նուազ թիւով աթոռներէն անկախ, քուէարկութեան չմասնակցող մեծամասնութեան պատկերը ցոյց կու տայ, որ հիասթափութիւնը միայն ընդդիմադիրներուն եւ «հիներուն» պատճառով չէ…
Երկու բառ՝ ընտրութիւններուն արդիւնքը գնահատող օտար դէտերու վկայութեանց մասին. ծանօթ է, որ անոնք ընտրախախտումներ չեն արձանագրած, անոնց վկայութեանց հիմամբ ալ, զիրենք առաքողները շնորհաւորեցին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը. ձախաւեր վարչապետին անձին ուղղուած շնորհաւորանքները հազուադէպ էին (Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորանքը այլապէս փոթորիկ եւ դժգոհութեան ալիք ստեղծեց Արցախի մէջ…): Ուշագրաւ էր քաղաքական գործիչ եւ իրաւագէտ մտաւորականի մը մատնանշումը. ան բացատրեց, որ օտար դէտերը միշտ ալ նման գնահատականներով ներկայացուցած են ընտրութիւնները: Անոնցմէ մէկը տարիներ առաջ, առիթով մը փսփսացած է, թէ տարբեր բան պէտք չէ սպասել իրենցմէ, որովհետեւ ի վերջոյ հրաւիրուած են… իշխանութեան կողմէ: (Իսկ թէ նման գնահատումներուն մէջ դրկից եւ հեռակայ դրսեցիներու հաշիւները ի՞նչ բաժին ունին՝ ատիկա արդէն բոլորովին այլ հարց է):
Սպասելով, որ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը (որուն իշխանութեանց մօտիկ ըլլալը կասկածէ վեր է) շաբաթավերջին հրապարակէ պաշտօնական արդիւնքները (իսկ ընդդիմադիրներն ալ յստակացնեն իրենց կեցուածքը), Հայաստանի մէջ այժմ կը տիրէ «եղածը եղած է, յառաջ նայինք»ի տրամաբանութիւն մը, հոգեվիճակ մը: Այս տեսութիւնը արդար է որոշ չափով, որովհետեւ անցեալին կառչիլը կ՛իմաստազրկէ եւ կ՛ամլացնէ ամէն աշխատանք, մինչդեռ յետ-պատերազմեան եւ նախաընտրական մարտահրաւէրներն ու թողլքուած դաշտերը անփոփոխ կը մնան լայնքին-երկայնքին (գերիներ, սահմանային հարցեր, դատավարութիւններ, տնտեսութիւն, կրթական-մշակութային հարցականներ…), կը կարօտին ԲՈԼՈՐԻՆ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑՄԱՆ: Սա առանձին քննարկելի հարց է արդէն (յաջորդիւ):
23-24 Յունիս 2021