
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիրի մը նախաձեռնած է:
Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) հետ գործակցաբար, հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու յատկացուած վերաորակաւորման ծրագիրին:
2019ին, հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր, կիզակէտ ունենալով՝ դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը: Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներու ուղղուած յատուկ ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար մանկավարժական մօտեցումները եւ քննադատական մտածողութիւնը:
Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը, տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով: Դասաւանդուելիք նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները՝ դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում: Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս:
«Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել: Պէտք է իրենց անհրաժեշտ հմտութիւն եւ մանկավարժական գիտելիքներ հայթայթել, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները՝ քայլ պահելով 21րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ: Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ: Գալիք սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը եւ ստեղծագործեն», կ՛ըսէ Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:
Վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի սկսի 2021ի աշնան: Անիկա պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է: Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է դիմեն ուղղակի Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին: Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը:
Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին: Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներհամակարգչային գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ:
Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին: