ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական դատարանը աւարտեց շինծու մեղադրանքներով յարուցուած քրէական գործերով 14 հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը: «Արմէնպրէս»ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ՝ կը գրէ, որ Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը որոշեց Գեղամ Սերոբեանը եւ Հրաչ Աւագեանը դատապարտել 4 տարուան բանտարկութեան, իսկ 12 այլ գերիներ` 6 ամսուան:
Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան եւ ներթափանցման», «զէնք պահել»ու, «սահմանի ապօրինի հատում»ի եւ այլ յօդուածներու հիման վրայ յացանքներով:
Unfortunately, and to my eternal sorrow, I cannot read Armenian. Please change the Asbarez news transmissions to English language versions.
Many thanks,
Myron Boyajian
mboyajian@sbcglobal.net
12 այլ գերիներուն անունները պէտք է գրուին Գեղամ Սերոբեանին ու Հրաչ Աւագեանին կողքին: Անոնք անձեր են, մեր հայրենիքի հերոսները եւ ոչ թիւեր…