Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհն ու մեր թշնամիները՝ իրենց ճամբով, Հայաստանն ու «վերանորոգուելու» պատրաստուող իշխանութիւնը՝ իրե՛նց ճամբով: Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մասնակի կամ լիակատար խզում կայ ասոնց միջեւ: Խօսինք օրինակներով.
Ա. Ազրպէյճանի մէջ, գերի բռնուած հայորդիներ դատավարութեան կ՛ենթարկուին, տասնեակ տարիներու բանտարկութեան վճիռներ կը ստանան: Հայաստանի մէջ «թող երկու ամիս ալ համբերեն»ի տրամաբանութիւնը (չըսելու համար անկարողութիւն, անտարբերութիւն եւ… համբակութիւն մատնող կրաւորականութիւնը) կը մնայ տիրապետող: Ազգային ժողովը, 30 Յունիսին իր բացած՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ նստաշրջանին, օրակարգին վրայ չունէր գերիներու հարցը, ո՛չ ալ այլ հրատապ, խայթող հարցեր: Միայն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեանը (որ նոր վերադարձած է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններէն) «անհանդուրժելի» որակեց Ազրպէյճանի կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց գործնական հակազդեցութիւններու դիմելու (տեսնենք լսող պիտի ըլլա՞յ): Արդեօք գերիներու եւ սահմանային թնճուկներուն յարուցած տագնապները ըստ բաւականին հրատապ չե՞ն, որ տեղ չունենան ԱՐՏԱԿԱՐԳ նստաշրջանի օրակարգին վրայ: Պէ՞տք է բաւականանալ եւ ձեռքերը գոհունակութեամբ շփել, երբ եւրոպացի կամ ամերիկացի այս կամ այն ներկայացուցիչը հնչեցնէ գերիներու վերադարձին պահանջը: Այո՛, կան ԸՆԹԱՑԻԿ, կարեւոր, լուծման սպասող հարցեր (ապօրինի շինութիւններ, պիւտճէական հարցեր, մանկապարտէզներ), սակայն երբ տուեալ իրողութիւններուն լոյսին տակ կը յայտարարուի ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՆԻՍՏ, եւ քննարկուող հարցերուն շարքին կ՛ըլլայ հայկական ժապաւէններու ասպարէզը յուզող հարց մը… Սա միայն նախաճաշակ մըն է, թէ ի՛նչ պէտք է սպասել նոր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալ յաւակնողէն:
Բ. Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մէկէ աւելի անգամ միացեալ ռազմափորձ կատարեցին Նախիջեւանի եւ «մայր» Ազրպէյճանի մէջ: Ազրպէյճան կը յայտարարէ, թէ որոշած է բանակի զինուորներուն թիւը բարձրացնել, սպառազինութիւնը աւելցնել, թրքական զօրակայաններ կը ծրագրուին ազերիական հողերու, նաեւ՝ Արցախէն խլուած հողերուն վրայ: Հայաստանի իշխանաւորները փող ու թմբուկ գործի լծած են՝ «արհեստավարժ բանակ» կազմելու, բանակային ծառայութեան ժամանակաշրջանը եւ նոյնինքն բանակը կրճատելու քարոզչութեամբ, կը խոստանան զինուորագրուողները սահման չտանիլ, ո՛չ ալ՝ Արցախ (Շուշիի «դժբախտութիւնն ու տժգունութիւն»ը հիմա կը տարածուի ամբողջ Արցախի վրայ): Չէ՞ որ Հայաստանի՛ սահմաններուն պաշտպանութիւնն ալ ռուսերուն պարտականութիւնն է, ու եթէ չընեն, կը պահանջենք, որ հեռանան Հայաստանէն, կը սպառնանք երթալ-նետուիլ ՆԱԹՕին գիրկը…
Գ. Արցախի մէջ ծրագիր մշակեր են, որ տեղահանուածներու համար կառուցուին վեց հազար բնակարան: Անկասկած որ ողջունելի ծրագիր է: Անդին, ո՛չ մէկ խօսք, թէ արդեօք մտածող կա՞յ, որ տեղահանուածները Շուշի, Հատրութ, Քելբաջար եւ այլ բռնագրաւեալ շրջաններ վերադարձուին: Խլուած շրջաններուն մէջ շինարարութիւնը ազերիներուն վստահուած է՝ առանց հայու Արցախ ունենալու հեռանկարներով: Վաղը, նոյն տրամաբանութեամբ, կրնան նաեւ Հայաստանի սահմանները բանալ թրքական ներդումներու առջեւ, յետոյ «դրամի մէջ կը լողանք»… Հայաստանը իրողապէս եւ իրաւապէս կորսնցնելով:

Դ. Ռուսիա եւ Թուրքիա, Ռուսիա եւ Ազրպէյճան հետեւողական հանդիպումներ կ՛ունենան, իրենց հաշիւները վերադասաւորելու, Կովկասի մէջ իրենց շահերը հետապնդելու նպատակով եւ ճամբաներու բացում քարոզելով՝ նոր հորիզոններ բանալու հեռանկարներով: Իրարու ետեւէ հրաւէրներ կը հասնին Հայաստանին, թէ՝ պէտք է գործակցի, օգտուի նորաստեղծ հորիզոններէն (թուրքերն ու ազերիները չեն թաքցներ Ցեղասպանութիւնը մոռնալու եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ն ու այլ հողամասեր կորզելու պահանջները): Հայաստան ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ է, շնորհիւ նոյն ապիկարութեան: Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր երկիրը արտաքին գործոց նախարար չունի: Տխուր կատակ մը շրջան կ՛ընէ, թէ՝ «… իսկ եղած ատե՞նը ինչ էր վիճակը, ամբողջ կառավարութի՞ւնը ինչ կ՛ընէ որ…»:
Ե. Ազգ. Ժողովի «արտակարգ նիստ»ին, քննարկուած է ծրագիր մը, որ յայտնապէս պիտի սահմանափակէ պատերազմէն տուժած զինուորներուն տրամադրուող օժանդակութիւնները («անհատ ձեռնարկութիւնների դրամաշնորհներ»ուն վերադասաւորման մասին տրուած բացատրութիւնը այնքան արագ ու բարդ, դարձդարձիկ էր, որ միայն կարելի է հետեւցնել, թէ օժանդակութիւնները զգալիօրէն կը կրճատուին. Յուսանք, որ մանուածապատ բացատրականը սխալ հասկցած ենք): Ո՛չ մէկ խօսք՝ … պարգեւավճարներու վերադասաւորման մասին: Արդեօք զանոնք բարձրացնելու մտածում կա՞յ:
Զ. Հրաժարեալ վարչապետին հիմ չունեցող խոստումներով տարուած եւ անոր քուէ տուած գիւղացիներ, շաբաթը չբոլորած, արդէն կ՛աղաղակեն. «Նիկո՜լ. մեզի խոստացար ջուր տալ եւ մենք քեզի քուէ տուինք. հիմա ջուրէ զրկուած ենք, մեր պարտէզներն ու ցանուած հողերը չորցած են, միլոններու վնաս ունինք: Ո՞վ ջուր պիտի տայ, կամ՝ փոխ-հատուցէ վնասներուն դիմաց…»: Կառավարութեան նիստին, Փաշինեան կը խօսի… կաթիլային ոռոգման համակարգ ստեղծելու մասին, լռելեայն քանի մը տարի համբերել թելադրելով գիւղացիին (գերի չեն, որ երկու ամիս ըլլայ համբերելու պայմանաժամը): Մարդիկ ինչպէ՞ս չմտածեն. «Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը (աւելցնենք՝ նաեւ հոգին) դուրս կու գայ…»:
Է. Եւ… մասամբ նորին, ի շարս որոնց՝ սահմանագծումի ծրագիրն ու Արցախէն նա՛եւ իրաւապէս հրաժարելու չնաշխարհիկ, «Հայաստանի համար 100% օգտակար ծրագիրները»:
30 Յունիս 2021