ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու աճիւններու որոնումները 8 Յուլիսին փրկարարական ջոկատով մը կատարուեցան Ֆիզուլիի եւ Ճապրայիլի կողմերը:
Ըստ Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան՝ աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն տարհանուեցան յաւելեալ երկու՝ նախնական տուեալներով ռազմական գործողութիւններու մասնակցողներու աճիւնները: Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:
Այսպիսով, զինադադարէն մինչեւ օրս գտնուած աճիւններուն թիւը հասաւ 1598ի: