ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ, մինչեւ 30 Յուլիս ժամանակ ունին իրենց դիմումնագիրները ներկայացնելու՝ մասնակցելու համար այս աշնան տեղի ունենալիք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին, որ աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ, այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերու եւ հանդիպումներու կողքին:
Դիմումնագիրները տրամադրելի են կայքէջին վրայ:
Ծրագիրի նախկին մասնակցողներ, ինչպէս նաեւ այլ արհեստավարժներ կը մասնակցին ծրագիրին մասնակցողներու խորհրդատուութեանց, որպէսզի անոնք կարենան քաղաքականութեան, լրագրութեան եւ հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ համալսարանական ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով:
Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին, շնորհիւ Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկին կատարած նուիրատուութեան. անոր սպասարկութիւններէն ցարդ օգտուած են հարիւրաւոր ամերիկահայ երիտասարդներ:
Ծրագիրին մասնակցողները պիտի մնան «Արամեան Տան» մէջ, որ հիմնուեցաւ շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքի նուիրատուութեան: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքին մէջ հաստատուած Արամեան քոյրերը՝ Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներով հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, նոյն ժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներուն:
Ծրագիրը կը կրէ անունը հանգուցեալ երիտասարդ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ մահացած էր ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը իբրեւ առդիւնք: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով՝ վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է ծրագիրին: Յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրուած է նաեւ Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հէքիմեաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնին կողմէ:
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (202) 775-1918 թիւին կամ gateway@anca.org հասցէին։