ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին, յաջորդական կերպով, Արամ Ա. վեհափառը առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն հետ: Հանդիպումներուն հայրապետին կողքին մասնակցեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Թեմերուն կողմէ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանին հետ Ազգայյին վարչութեան ատենապետը եւ երբեմն՝ դիւանը:
Իւրաքանչիւր հանդիպում տեւեց առաւել քան ժամ մը, որուն ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան թեմի աշխատանքներուն մասին, ներկայացուեցան թեմի մտահոգութիւնները եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Կատարուած քննարկումներէն ետք հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմերու գործունէութեան՝ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւնները:
Կաթողիկոսը յատկապէս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հոգեւորական թէ աշխարհական մարդուժով միշտ պատրաստ է օժանդակելու թեմերու աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: