ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար: Այս գծով հրամանագիրը նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց 19 Օգոստոսին՝ հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը թափուր էր Մայիսի աւարտէն, երբ Արա Այվազեան հրաժարական ներկայացուց:
Մինչեւ օրս արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պարտականութիւնները կը կատաէր Յուլիսի կէսերուն նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած Արմէն Գրիգորեան, որ զերծ կացուցուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն:
Գրիգորեան 19 Օգոստոսին, վարչապետին ստորագրած որոշումով, դարձեալ նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:
Հին ապուշներով նոր կարավարութիւն: Ասի է եղածը: Ա. Միրզոեանը արտաքին բոլիդիքէ ի՞նչ կը հասկնայ որ արտաքին նախարար եղէր է: Բարլամանին մէջը գոնէ ըրածները դուրսերը ազդեցութիւն չուներ, ըրածը անի էր, որ Նիկոլը կըսէր, ինքը կըներ: Ուրիշ չիհասկցող մըն ալ ատ Լիլիթն է, որ հիմա ամերիկեան դեսպան պիտի ըլլայ: Հետոյ ալ կըսէնք կոր, որ Հայաստանի էնդէրնասիոնալ բոլոդիքի մէջ կորսված է, մեր ձայնը չեն լսեր: Շիտակ է որ կըսեն «ձուկը գլխէն կը հոտի»: Հայաստանի ձուկին գլուխին անունն ալ Նիկոլ Բաշինեան է: Մնացեալը պետք չունինք ըսելու: Եթէ աս գլուխը չիբոխվի, վնասով վնաս պիտի ըլլայ: