Քապուլի օդակայանին մէջ, ուր համախմբուած էին մեծաթիւ աֆղաններ՝ երկիրէն հեռանալու նպատակով, Երկուշաբթի, 23 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւն՝ «Թալիպան» շարժումի հետեւորդներուն եւ ամերիկացի ու գերմանացի զինուորներուն միջեւ։ Քիչ ետք ծագեցաւ հրդեհ մը։
Օդակայանին եւ այնտեղ տանող ճամբաներուն մէջ ահաւոր խճողում ծայր առաւ, երբ Միացեալ Նահագներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ պիտի աշխուժացնէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ տարհանման աշխատանքները: Ան դիտել տուաւ, որ 14 Օգոստոսէն Քապուլէն դուրս բերուած են 28 հազար անձեր։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է արագ եւ հզօր պատասխան տալու, եթէ «Թալիպան» արմատական շարժումը խոչընդոտէ Աֆղանիստանի մէջ մնացած ամերիկացի քաղաքացիներու մուտքը Քապուլի օդակայանը, ուրկէ երկրէն հեռացում կ՛իրականացուի։

Ըստ անոր՝ «քանի մը հազար ամերիացիներ» տակաւին պէտք է Աֆղանիստանէն դուրս գան՝ աւելցնելով, որ երկրին մէջ գտնուող ամերիկացիներուն թիւը յստակ չէ, որովհետեւ, թէեւ անոնց խորհուրդ տուած է հեռանալու, սակայն անոնք ստիպուած չեն Քապուլի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան մօտ արձանագրուելու, ուրեմն, ամերիկեան կառավարութիւնը չէ հետեւած կարգ մը ամերիկացի ճամբորդներու, որոնք «Թալիպան» շարժումի իշխանութեան տիրանալէն առաջ երկիր մուտք գործած են կամ հեռացած։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Քապուլի օդակայանին մէջ պարտադրուած սահմանափակումներուն պատճառով չեն յաջողիր Աֆղանիստան հասցնել շուրջ 500 թոն բժշկական իրեր եւ դեղեր: «Անոնք պատրաստ էին ընդունելու բժշկական պարագաները, եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք ուղարկելու Աֆղանիստան, որպէսզի տեղ հասցուէր այս շաբաթ: Բայց այժմ օդակայանը փակ է առեւտրական թռիչքներուն դիմաց», յայտնեցին կազմակերպութենէն։