ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յաջորդ շաբթուան սկզբը, օդուժի միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն:
Ռազմափորձերուն նպատակն է՝ ամրապնդել գործակցութիւնը թրքական եւ ատրպէյճանական բանակներու օդային ստորաբաժանումներուն միջեւ, յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ ատրպէյճանական կողմէ փորձերուն պիտի մասնակցին երկուական «Միկ 29» եւ «Սու-25» ռազմական օդանաւեր, որոնք 1 Սեպտեմբերին արդէն Թուրքիա մեկնած են։
Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 17 Սեպտեմբերին: