ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ժողովը վաւերացուց կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Էլէն Ասատրեանի եւ դոկտ․ Սիւզի Ապաճեանի ներկայացուցած թիւ 21-08.014 բանաձեւը, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ՝ կասեցնելու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ նախագահ Ճօ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին, որ գործնականապէս մասնակցին հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն։
Ասատրեան դրուատեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ բանաձեւը յստակ պատգամ մըն է Պաքուին եւ Անգարային, որ չեն կրնար ամերիկացիներու տրամադրած աջակցութեամբ մարդկային իրաւանց բացայայտ ոտնահարումներ իրականացնել։
Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ռասթի Հիքս շեշտեց, թէ կուսակցութիւնը կը զօրակցի հայութեան՝ պահանջելով գերիներու անյապաղ վերադարձը եւ Պաքուի տրամադրուող աջակցութիւններուն կասեցումը։
Յիշեցնենք, որ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը քանի մը ամիս առաջ դատապարտած էր Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ անցեալ տարուան յարձակումին ընթացքին իրագործած պատերազմական ոճիրներուն համար, կոչ ընելով Քոնկրեսին եւ Պայտընին, որ պատժամիջոցներ կիրառեն Պաքուի դէմ։