ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2 Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 30րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիրը եւ ծաղիկներ զետեղեցին ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին, ինչպէս նաեւ 44օրեայ պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած արցախցիներու շիրիմներուն վրայ:
Իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նաեւ ՀՅԴ Արցախի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները: