ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացի պատանդները անյապաղ եւ անվերապահ հայրենիք վերադարձնելը անհրաժեշտութիւն է, շեշտեց Արարատ Միրզոյեան՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Թիէրի Ռիպոյի հետ հանդիպման ընթացքին:
Ընդգծելով, որ Ատրպէյճան կը հերքէ փաստագրուած մեծ թիւով ռազմագերիներու` իր մօտ պատանդ գտնուիլը, Միրզոյեան նշեց, որ ասիկա լուրջ հիմքեր կու տայ Ատրպէյճանի կողմէ գերիներուն հանդէպ իրականացուած ծանր յանցագործութիւններուն, ներառեալ` բռնի անհետացումներու կասկածին վերաբերեալ:
Նախարարը նաեւ շեշտեց, որ Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ մարդասիրական առաքելութեան իրականացման համար արհեստական խոչընդոտներ պէտք չէ ստեղծուին, եւ հարցը պէտք չէ քաղաքականացուի:
Թիերի Ռիպo եւ Արարատ Միրզոյեան միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ ԿՄԽԿի միջեւ Արցախի մարդասիրական հարցերու գծով համագործակցութեան եւ կազմակերպութեան աշխատանքներուն վերաբերեալ: