ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 21-22 Հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միջազգային մաքսային ֆորումի ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մաքսային ծառայութեան ղեկավար Մեհտի Միրաշրաֆիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան Մեղրիի սահմանային անցակէտի վերակառուցման եւ արդիականացման, ինչպէս նաեւ Մեղրի-Նորտուզ անցակէտերուն միջեւ երթեւեկի հոսքերու բարելաւման աշխատանքները:
«Յիշեցնենք, որ 2020թ? Փետրուարի 7ին Մեղրու սահմանային անցակէտի արդիականացման եւ ընդլայնման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան ու Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական բանկի միջեւ ստորագրուել են «Մեղրու սահմանային անցակէտի ծրագիր» վարկային եւ դրամաշնորհային համաձայնագրերը՝ ՀՀ ֆինանսների նախարարութեան ու Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական բանկի հայաստանեան գրասենեակի կողմից», կ՛ըսուի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ ծրագիրին նպատակն է՝ ֆինանսաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի Մեղրիի անցման կէտի վերակառուցումը ւ արդիականացումը, որ պայմանաւորուած է տարուէ տարի նշեալ անցակէտէն անհատներ եւ ապրանքներ փոխադրող հաղորդակցութեան միջոցներու հոսքերու աճով: Մեղրիի անցման կէտի արդիականացումը պիտի նպաստէ նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» երթեւեկի միջանցքի աշխուժացման եւ պիտի խթանէ վերջինով տարանցիկ փոխադրութիւնը: