ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած է Գոհաբանութեան օրուան խրախճանք-ընթրիք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 20 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ։ Երեկոն պիտի խանդավառէ Անդրանիկ Դեղարարեան։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ։ Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է միութեան անդամներուն համար, իսկ ոչ-անդամներուն համար՝ 75 տոլար։
CDC-ի ցուցմունքներուն համաձայն՝ միայն լրիւ պատուաստուած անհատները իրաւունք ունին մասնակցելու։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ տեղեր ապահովելու համար հեռաձայնել (818) 552-2922 թիւին։