Թուրքիա ռուսական «Էս․ 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայած է Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ, որմէ կ՛օգտուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու օդուժը եւ ՆԱԹՕի անդամ այլ երկիրներ: Այս մասին «Սքայ Նիուզ Արապիա»ին տեղեկութիւններ տուած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը:
Նախապէս, թրքական լրատուամիջոցներ գրած էին, թէ Անգարա այս քայլին կը դիմէ՝ իբրեւ փոխզիջումի տարբերակ, որպէսզի որոշ չափով գոհ պահէ թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ Անգարան: Այսպիսով, «Էս․ 400»ները պիտի գտնուին Միացեալ Նահանգներու հսկողութեան տակ:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնած է հետեւեալը. «Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած այն պնդումները, թէ «Էս․ 400»ները տեղափոխուած են Ինճիրլիք, չեն համապատասխաներ իրականութեան»: