ՓԱՐԻԶ․- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը փոխուած է, կը հաղորդէ Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական կայքը:
Սթեֆան Վիսքոնթիի փոխարէն նշանակուած է Պրիս Ռոքֆէօյը:
Ռոքֆէօյ մինչեւ այս նշանակումը Փանամայի եւ Իւզպեքիստանի մօտ վարած է Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը: 2000ականներուն ան քաղաքական խորհրդական էր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւս Յուլիսին փոխած էր ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին մէջ իր համանախագահը. Իկոր Փոփովի փոխարէն այս պաշտօնը այժմ կը վարէ Իկոր Խովայեւ: