ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- «Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կ՛ընդդիմանան Անգարայի կողմէ մեր դէմ ծրագրուող նոր յարձակումին», «Մանիթըր» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պնդեց Սուրիոյ քիւրտերու զինուած խմբաւորումներու հրամանատար Մազլում Քոպանի (Ապտի):
«Ամերիկա համապատասխան երաշխիքներ տրամադրած է մեզի: Ամերիկացիները մեզի տեղեկացուցին, որ Էրտողանի եւ նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշուած է, որ Միացեալ Նահանգները կը մերժէ Թուրքիոյ կողմէ մեր դէմ ձեռնարկուած որեւէ յարձակում», յայտարարեց Քոպանի:
Ըստ հրամանատարին՝ Ռուսիա եւս կողմ չէ թրքական յարձակումին:
«Ռուսիա մեզի տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ հետ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Անոնք աւելցուցին, որ մեր դիրքերուն վրայ կրնան յարձակիլ ոչ թէ թուրք զինուորականները, այլ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Սուրիոյ ազգային բանակ»ի զինեալները: Ռուսերը նոյնիսկ նշած էին յարձակման օրը` 5 Նոյեմբեր: սակայն որեւէ բան տեղի չունեցաւ», եզրակացուց Քոպանի: