Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի աւարտական 12րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցի տնօրէն Տէյվիտ Ղուկասեանի: Անոնք եկած էին հանդիպում-զրոց մը ունենալու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:
Սրբազան հայրը նախ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ ներկայ դարու հայ երիտասարդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, ապա շարունակեց՝ ըսելով, որ Սփիւռքի մէջ ամբողջական հայ քրիստոնեայ ըլլալը գիտակից ընտրութիւն է, որ նոյն ժամանակ կը պահանջէ հաւատարմութիւն՝ անցեալի աւանդին, տոկունութիւն՝ ներկայի մէջ եւ քաջութիւն՝ ապագային նկատմամբ:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն: