ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Դեկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ ԵՈՒՆԻՍԵՖի նորանշանակ ներկայացուցիչ Քրիսթին Վայկանտը, որ նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակին իրականացուցած եւ կատարելիք ծրագիրները՝ նշելով, որ գրասենեակը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը պետական կառոյցներու ու շահագրգիռ կողմերուն հետ, որպէսզի Հայաստանի մէջ մանուկները աւելի լայնօրէն օգտուին ապրելու, զարգանալու, կրթութիւն ստանալու եւ պաշտպանուած ըլլալու իրենց իրաւունքներէն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին մանուկներու առողջութեան, առողջ ապրելակերպին, կրթութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան վերաբերող ծրագիրները, ընդգծեցին բոլոր մանուկներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ սահմանամերձ շրջաններու մանուկներու հարցերը` առաջարկելով աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ: