ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գործող շարք մը կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, այս տարուան Յունուարէն սկսեալ, վեցշաբաթեայ շարք մը առցանց դասաւանդութիւններ տեղի ունեցան՝ Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար։ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը շարունակելու նպատակով եւ յատկապէս Սիւնիքի կարիքներուն հասնելու համար, 20 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6-9 տեղի պիտի ունենայ համացանցային դրամահաւաք մը (https://hyehopes.org)։
Անոր պիտի մասնակցին շարք մը պաշտօնատարներ եւ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու Հայ աշակերտական ակումբներու ներկայացուցիչներ եւ Կապանէն ու Վերիշէնէն աշակերտներ։
Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://hyehopes.org կայքը։