ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Նորտիք Մանիթըր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ ղեկավարուող թրքական հիմնարկութեան գաղտնի արխիւէն լուսանկարներու արտահոսքը բացայայտած է գոյութիւնը իսլամ ծայրայեղական ճամբարներու, որոնց մէջ կը մարզուին Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական սփիւռքէն երիտասարդներ:
Լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին երիտասարդներ` իսլամ ծայրայեղականութիւն քարոզող պաստառներու տակ, հոգեւորականներու դասախօսութիւններու ընթացքին եւ ցուցամատը վեր, որ Աստուծոյ հետ միասնութեան խորհրդանիշ է. Այս բոլորը կը հետեւին նոյն բնատիպին, որ առաջնորդն էր նաեւ «Քայիտա»ի եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:
Ճամբարները կը կազմակերպէ Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնարկը («Թիւկվա»)` նախագահին 40 տարեկան որդիին` Նեճմետտին Պիլալ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Հիմնարկութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ:
Լուսանկարները «Գործի ճամբար» կոչուող թղթապանակէն են, որ կը ներառէ 12 լուսանկարներ․ անոնք արխիւացուած են ներքին օգտագործման համար եւ ներկայացուած են տնօրէններու խորհուրդի անդամներուն, ինչ որ կը նշանակէ, որ ճամբարի գործունէութիւնը հաստատուած է հիմնարկութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ:
Լուսանկարներէն բացի, համացանցի վրայ յայտնուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Թուրքիոյ նախագահին եւ անոր որդիին նպատակներուն մասին` կրթել ծայրայեղ իսլամ երիտասարդներ եւ զանոնք օգտագործել քաղաքական նպատակներով` թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտերկրի մէջ:
Քանի մը լուսանկարներու մէջ երիտասարդները լուսանկարուած են դրօշի տակ` Քորանի մէջբերումներով, որոնք յաճախ սխալ կը մեկնաբանուին զինեալներու կողմէ` արդարացնելու համար բռնի արշաւը: «Ալ Հաժ» սուրայի 78րդ այան կ՛ըսէ. «Սրբազան պայքար մղէ Աստուծոյ համար: Ան քեզ ընտրեց»:
Ճամբար հրաւիրուած հոգեւորականներէն մէկը իսլամ ծայրայեղական եւ հակասեմական գաղափարներով ծանօթ թուրք հոգեւորական Նուրետտին Եըլտըզն էր: Եըլտըզ ժողովրդավարութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «անհաւատներու համակարգ» եւ կ՛ըսէ, որ անիկա կրնայ օգտագործուիլ միայն իբրեւ խաբէութեան միջոց` իշխանութեան հասնելու համար: Ան Դեկտեմբեր 2016ին Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը սպաննած երիտասարդ ոստիկանի դաստիարակն է: Սակայն, կառավարութիւնը զինք պաշտպանած է քրէական սպանութեան յանցակից ըլլալու հետապնդումէն:
Լուսանկարներուն մէջ երեւցող պաստառները ցոյց կու տան, որ ճամբարները կը կազմակերպուին Էրտողանի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յենարան՝ Պոլսոյ Թուզլայի քաղաքապետարանին պատկանող կամ անոր կողմէ գործածուող հաստատութեան մէջ: Տարածքը 2009էն ի վեր կը կառավարուի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ քաղաքապետ Շատի Եազըճըի կողմէ: Ան անձամբ գտնուած է այս ճամբարներուն մէջ եւ խօսք արտասանած: