Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան կեդրոնացաւ յատկապէս կաթողիկոսարանի մշակութային առաքելութեան վրայ՝ անդրադառնալով զանազան բնագաւառներու: Շխրտըմեան նաեւ յիշեց, թէ վեհափառ հայրապետը ո՛չ միայն նախաձեռնողն է կարեւոր աշխատանքներուն եւ եզակի իրագործումներուն, այլ նաեւ գնահատողը անոնց իրագործման մասնակցող մտաւորականներուն: Ներկայ հաւաքը, պատուելու համար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ:
Բացման խօսքին յաջորդեց վեհափառ հայրապետին պատգամը: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մարդը արժէք կը դառնայ ոչ թէ իր ունեցածով, այլ ծառայութեան ճամբով իր տուածով՝ նախ Աստուծոյ, ապա իր եկեղեցւոյ ու ազգին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ նշեց, որ նահանջի ու անտարբերութեան մթնոլորտը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել հայ կեանքին մէջ, ամէն տեղ: Որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայողներուն՝ մեր հաւաքական կեանքին իրենց նուիրեալ ու գործօն մասնակցութեամբ: Խօսելով Հրայր Ճէպէճեանի մասին՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ան իր ծառայութիւնը բերաւ գիրի ու գրականութեան ճամբով: Ան Աստուածաշունչը հասանելի դարձուց թէ՛ մտաւորականին եւ թէ մանուկին ու պատանիին: Իր ծաւալուն աշխատանքներուն կողքին մնայուն ներկայութիւն դարձաւ հայ մամուլին մէջ՝ մտաւորական վաստակ ձեռք բերելով այդ բնագաւառին մէջ: Այսպէ՛ս արժեւորեց ան իր կեանքը եւ այսօր արժանի է մեր գնահատանքին»:
Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք ընթերցուեցաւ հայրապետական սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը բարձր կը գնահատէր դոկտ. Ճէպէճեանի երկար տարիներու վաստակը եւ ծառայութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն ետք վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կուրծքը:
Հանդիսութեան աւարտին, դոկտ. Ճէպէճեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով վեհափառ հայրապետին՝ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ իբրեւ փարոս հայ մշակութային կեանքի ու հաւատքի առաքելութեան, միշտ կը մնայ բոլորին տունը: Հետեւաբար, այսօրուան պարգեւատրումը ինծի համար վերանորոգող մղիչ ուժ մը դարձաւ՝ իմ ծառայութիւնը աւելիով կատարելու: