Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, «Արտադրողներ 2» ցուցահանդէսը սկիզբ առաւ Հալէպի Խան Ալ Շունէ պատմական շուկային մէջ:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան պետական պաշտօնական ներկայացուցիչներու խումբին հետ այցելեց ցուցահանդէսը: Պաշտօնական խումբին մաս կը կազմէին Սուրիոյ արդիւնաբերութեան նախարար Զիատ Սապպաղ, Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Ամրու Սալէմ, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուր եւ գործադիր գրասենեակներու ներկայացուցիչներ:
Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Ազգային վարչութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ Պետական վարչութեան անդամներ եւ փոքր տնտեսութիւններու յանձնախումբը:
Աշխատանքային փոքր ծրագիրներ քաջալերող գեղեցիկ առիթ մըն է ցուցահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 284 արտադրողներ եւ գործատէրեր, որոնք օգտուած են նախագահական պալատին կողմէ տրամադրուած տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւնները քաջալերող ծրագիրէն եւ այս ցուցահանդէսը լաւագոյն քաջալերանքն է զանազան բնոյթի իրենց արտադրութիւնները ցուցադրելու հանրութեան:
Յիշեցնենք, որ արտադրողներու առաջին ցուցահանդէսին այցելած էին Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատ ու իրենց քաջալերանքը արտայայտած էին:
Ցուցահանդէսը կը զուգադիպի Հալէպի ազատագրութեան հինգերորդ ամեակին եւ լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանայ վերականգնումի գործընթացին, առաւել յոյս եւ աւիւն ներշնչելով Հալէպի ժողովուրդին:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հալէպահայեր, որոնց տաղաւարները իւրայատուկ էին հայը բնորոշող ձեռարուեստով, հայ վարպետի ճաշակով եւ մաքուր աշխատանքով:
Առաջնորդ սրբազան հայրը այցելեց բոլոր տաղաւարները եւ իր հայրական յորդորներով քաջալերեց մասնակցողները։