ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 20 Դեկտեմբերին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաւէրով, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Արցախի նախագահին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան 2022ի պետական պիւտճէին վերաբերող հարցեր:
Խմբակցութեան անդամները մտահոգութիւն յայտնեցին պետական պիւտճէն արդիւնաւէտ կերպով ծախսելու եւ վերահսկողական ոչ-ամբողջական գործիքակազմի առկայութեան հարցերուն շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պետութեան արտաքին ու ներքին շարք մը հիմնահարցերու լուծման վերաբերող հարցեր:
Դաշնակցական պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին Արցախի՝ ենթակայ կողմ ըլլալու հարցի բարձրացումը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Արցախի եւ Հայաստանի պետական մարմիններու եւ գերատեսչութիւններու յարաբերութիւններու ցած մակարդակին, նաեւ յաճախ անոնց բացակայութեան, որ նկատելի է յատկապէս յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին: