ՄԱՐՏՈՒՆԻ.- Արցախի Մարտունի քաղաքի նախկին հիւանդանոցի տարածքին մէջ, «Ֆերտիզ» շինարարական կազմակերպութեան կողմէ արագ թափով կ՛ընթանան բազմաբնակարան նոր թաղամասի շինարարական աշխատանքները:
Այս մասին «Արցախփրէս»ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է վերոնշեալ շինարարական կազմակերպութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեան:
«Ներկայ ժամանակահատուածին առաջին շէնքի 5րդ յարկի կառուցման շինարարական գործընթացն արդէն աւարտած ենք, ներքին յարդարման աշխատանքներ կը կատարենք: Եկող տարուայ Մարտի կէսերուն պիտի աւարտենք առաջին շէնքի շինարարութիւնը եւ պիտի շարունակենք երկրորդ շէնքի շինարարական աշխատանքները: Կը կառուցուին ժամանակակից չափորոշիչներուն համապատասխանող չորս հինգ յարկանի նոր շէնքեր՝ 116 բնակարաններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի երեք կամ չորս սենեակներ: Կը կառուցենք նաեւ խաղահրապարակներ, ինքնաշարժի կայանատեղ: Տարածքը կը բարեկարգուի եւ կը պատուի կանաչութիւնով», նշած է Ա. Խաչատրեան, աւելցնելով, որ բազմաբնակարան նոր թաղամասի շինարարութիւնը նախատեսուած է աւարտել 2023ին:
