ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Թուրքիա բռնագրաւած է սուրիական հողերուն մէկ մասը, թրքացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ Սուրիոյ քանդումին մէջ շահ ունի:
»Սուրիա պիտի ազատագրէ թէ՛ Իտլիպը, թէ ալ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող իր հիւսիսային շրջանները, եւ թրքական վարչակարգը կը խոչընդոտէ Ասթանայի հոլովոյթը եւ Սոչիի համաձայնութեան գործադրումը«, ըսաւ Մըքտատ՝ աւելցնելով․ »Ամերիկեան բռնագրաւումը եւ անոր աջակցութիւնը վայելող »Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր« ապօրինի զինեալ խմբաւորումը կը շարունակեն գողնալ Ճազիրա շրջանին մէջ Սուրիոյ հարստութիւնները` քարիւղը, ցորենը եւ բամպակը: Այդ հարստութիւնը սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի: Այս անջատողական ապօրինի զինեալ խմբաւորումի արարքները մերժելի են, եւ Սուրիա չի կրնար հանդուրժել իր հողերէն ոչ իսկ մէկ հատիկի անջատումը, եւ անոնք պէտք չէ գրաւ դնեն Ուաշինկթընի վրայ, որովհետեւ այս սիրելի հողը բոլոր սուրիացիներունն է«,
Մըքտատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներուն՝ սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատած տնտեսական քայլերը անօրինական են, եւ անոնց նպատակը այդ երկիրներու օրակարգերուն իրագործումն է: »Երբ Սուրիոյ թշնամիները ահաբեկչութեան եւ սպանութեան ճամբով ձախողած են իրենց նպատակները իրագործել, դիմած են քաղաքական լուծումի խոչընդոտման, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման մէջ շահ չունին«, եզրակացուց Մըքտատ: