ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՄՈՍԿՈՒԱ, »Ա.Էֆ.Փէ.«.- »Միացեալ Նահանգները անհամբեր կը սպասէ Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան սկիզբին«, յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի մէկ բանբերը՝ աւելցնելով, որ այս առաջին ժողովին կրնայ յաջորդել երկրորդ ժողով մը` 12 Յունուար ին, այս անգամ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕի միջեւ, իսկ յաջորդ օրը կրնայ տեղի ունենալ երրորդ ժողով մը` Ռուսիոյ եւ ԵԱՀԿի միջեւ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕն համակարգուած կերպով չի կատարեր Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդի աշխատանքի սկիզբը՝ 2002ի Հռոմի հռչակագիրը ստորագրելէն ետք իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, կը հաղորդէ »Քոմերսանթ«ը:
Ըստ Ալեքսանտր Ֆոմինի՝ Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքը կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ լայնածաւալ զինեալ տագնապի եւ այս իրողութիւնը Ռուսիան կը ստիպէ կարծր կերպով բարձրացնելու իր ապահովութեան երաշխիքներու հարցը:
»Դաշինքի զինուորական շինարարութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Ռուսիոյ հետ լայնածաւալ բարձր աշխուժութեան զինեալ տագնապի նախապատրաստման վրայ«, ըսաւ Ֆոմին` Մոսկուայի մէջ հաւատարմագրուած զինուորական կցորդներու եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներու համար մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ան նշեց, որ ՆԱԹՕի 2019ի զինուորական ռազմավարութեան մէջ Ռուսիան ուղղակիօրէն »կը մատնանշուի իբրեւ դաշինքի ապահովութեան սպառնացող հիմնական աղբիւր«:
»Հակառակ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային ծածկոյթի միացեալ ապահովման վերաբերեալ դաշինքին մեր ուղարկած առաջարկներուն, Միացեալ Նահանգները սկսաւ տեղակայել հակահրթիռային պաշտպանութեան համալիրներ` Լեհաստանի եւ Ռումանիոյ մէջ: Դաշինքը հրաժարած է իրաւական պարտադիր երաշխիքներ տալէ այն հարցով, որ այդ համակարգերը ուղղուած պիտի չըլլան Ռուսիոյ դէմ«, շեշտեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 23 Դեկտեմբերին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, որ Մոսկուայի հետագայ քայլերը կախեալ պիտի ըլլան ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու հետ ապահովութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքէն, այլ »այսօր եւ պատմական հեռանկարի համար« Ռուսիոյ ապահովութեան անվերապահ ապահովումէն:
Ըստ Փութինի՝ այդ առնչութեամբ ռուսական կողմը »յստակօրէն հասկցուցած է«, որ »ՆԱԹՕի դէպի արեւելք հետագայ տեղաշարժը անընդունելի է«: Փութին ընդգծեց, որ Ռուսիան չէ, որ հրթիռներ կը տեղակայէ Միացեալ Նահանգներու սահմաններուն մօտ: »Ամերիկան է, որ իր հրթիռներով եկած է մեր տունը․ անոնք մեր տան շեմին են«, ըսաւ Փութին` հարց տալով, որ ամերիկացիները ինչպէ՞ս պիտի արձագանգեն, եթէ Ռուսիան իր հրթիռները տեղակայէ Մեքսիքայի կամ Գանատայի հետ Միացեալ Նահանգներու սահմանին վրայ: