ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն ստորագրեց ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու հրամանագիրը, ըստ որուն՝
– Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը պիտի կատարուի 15 Մայիս 2022ին,
– Երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող պաշտօնէութեան քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 Մայիս 2022ին,
– Արտերկրի լիբանանցիներուն համար ճշդուած քուէարկութեան օրերն են 6 եւ 8 Մայիս:
Միւս կողմէ, Աուն փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շամի յայտնեց, որ Յունուարին Միջազգային դրամական հիմնադրամէն ընդարձակ պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի կատարուին աւելի խոր մակարդակի բանակցութիւններ:
Շամի ընդգծեց, որ իրենք կը պատրաստեն տարբեր թղթածրարներ, որպէսզի պատրաստ ըլլան բանակցութիւններուն՝ յոյս ունենալով, որ կարելի եղածին չափ արագ գոյանայ համաձայնութիւնը:
Նախագահ Աունին այցելեց նաեւ Իրանի մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Ապպաս, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմ յարաբերութիւնները եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող զարգացումները: