ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակի արագ տարածումին պատճառով, Միացեալ Նահանգներու տարածքին հիւանդանոցներու մէջ դարմանուող վարակակիրներու թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատեց Երկուշաբթի օր՝ հասնելով 132,646ի։
Միւս կողմէ, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին վարակումերու օրական միջին թիւը անցաւ 700,000ի սահմանը։
Ցարդ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին մօտաւորապէս 840,000 անձեր մահացած են, իսկ վարակուածներու թիւը անցած է 60 միլիոնի սահմանը։ Աշխարհի տարածքին այդ թիւերը յաջորդաբար 5.5 միլիոն եւ 307 միլիոն են։
Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, Կիրակի օր հաղորդուեցաւ, թէ մէկ օրուան ընթացքին վարակումներու թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ անցելով 45,000ի սահմանը, մինչ հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին առաւել քան 9000 վարակակիրներ։