ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կուսակցութեան մը հիմնական ուժը իր անդամները կը հանդիսանան, սակայն անոր ներուժը իր համակիրներն են։ Ահա անոնց է, որ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այստեղ, նախքան «անցորդներուն» մասին խօսիլս։
Ճիշդ է, ամեն մարդ չէ, որ կրնայ կուսակցական ըլլալ։ Չի բաւեր ընդունիլ կուսակցութեան մը ծրագիրն ու կանոնագիրը, հաշտ ըլլալ անոր գործելակերպին, ենթարկուիլ անոր որոշումներուն, տակաւին ամեն ջանք ալ ընել, իսկ Դաշնակցութեան պարագային՝ երդուել նոյնիսկ կեանքը զոհել անոր նպատակներն իրագործելու համար։ Սա կը պահանջէ խիստ ինքնակարգապահութիւն մը, որ բոլորին չի պատշաճիր։ Սակայն կայ ազգայիններու զանգուած մը, որ առանց կուսակցութեան մը շարքերուն մաս կազմելու, տրամադիր է, պատրաստակամ է, նոյնիսկ աւելի քան յօժար՝ ազգին ծառայելու ա՛յդ կուսակցութեան կողքին։ Այդ զանգուածը կը բաղկանայ անոր համակիրներէն, որոնք կը կազմեն իր ներուժը։ Որքան ստուար ըլլայ այդ զանգուածը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ կուսակցութեան մը ազդեցութիւնը, կասկած չկայ։
Մենք գիտենք, թէ որքա՜ն հայորդիներ կամաւոր կու գան ու կը գործեն ՀՅԴի զանազան յանձնախումբերուն մէջ՝ սկսեալ Հայ Դատի յանձնախումբէն մինչեւ այլազան միջոցառումներու-ձեռնարկներու կազմակերպիչ կամ հանգանակիչ յանձնախումբերը, այլեւ կ՛անդամակցին ուղեկից կազմակերպութիւններուն, անխոնջ կը մասնակցին անոնց այլազան աշխատանքներուն՝ տարուէ տարի, հաւատարմաբար, հաւատքով, եռանդո՛վ, տագնապելով, քունը փախցնելով եւ դժուարութիւններու առջեւ առանց կանգ առնելու, առանց յուսահատելու։ Անոնք կը պաշտօնավարեն մեր դպրոցներուն մէջ իրենց ստացած վարձատրութենէն շատ աւելի մեծ ներդրումով ու նուիրումով, ու յաճախ իրե՛նք կ՛ըլլան նոր սերունդը ազգային ոգիով տոգորողն ու կուսակցութեան շարքերը մղողները։ Ուրիշներ սիրայօժար կ՛աշխատակցին մեր մամուլին՝ առանց որեւէ նիւթական վարձատրութեան կամ ակնկալութեան, երկա՜ր ժամանակ, իրենց ամբո՛ղջ կեանքը։ Տակաւին ուրիշներ լուռ ու մունջ իրենց քսակը կը բանան, կուսակցականի նման տարեկան տուրք ալ կը վճարեն՝ առանց վայելելու անդամի մը իրաւունքները։
Այստեղ կ՛ուզեմ առիթն օգտագործել ու ոչ միայն շնորհակալ ըլլալ մեր այդ անթիւ-անհամար ու անվարան գործակիցներուն, որոնց ներդրումէն եթէ զրկուած ըլլայինք, ի հարկէ չէինք կրնար իրագործել այն ամէնը, որ կրցեր ենք ահա 131 տարիէ ի վեր ընել, այլեւ կ՛ուզեմ մեր համակիրներու գոյութիւնն արտայայտուած տեսնել ՀՅԴ կանոնագրին մէջ։
Արդարեւ, այնտեղ կայ «Օժանդակներ» գլուխ մը, ուր կը յիշատակուին նիւթապէս իրենց կանոնաւոր մասնակցութիւն բերողները, սակայն ոչ՝ միւսները, որոնք առաջիններուն ընծայած նիւթական թէկուզ լիաբուռն ներդրումէն բազմապատիկ աւելի օժանդակութիւն կը բերեն թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս։ Եթէ փորձենք Համազգայինի, ՀՕՄի կամ ՀՄԸՄի ոեւէ վարչականի՝ պարզապէս միայն մէկ տարուան մէջ եւ միայն ժողովներու յատկացուցած ժամերը բազմապատկել երկրի նուազագոյն աշխատավարձքով, անմիջապէս կ՛անդրադառնանք, թէ մեծ է իրենց տուածը, եւ թէ անարդարութիւն մը տեղի կ՛ունենայ իրենց հանդէպ՝ զիրենք դուրս ձգելով օժանդակներու շրջանակէն։
Ոչ միայն մնայուն նուիրատու համակիրներու, այլեւ նոյնքան մնայուն գործակից համակիրներու անսպառ շունչով եւ ճակտի քրտինքով է, որ մեր կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները կը պահուին, մեր կեդրոնները կը գործեն, նոյնիսկ մեր մամուլը կը հրատարակուի։
Արդարօրէն, ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛առաջադրէր «Մեր կիզակէտին վրայ պահել համակիրները, խորացնել կարեւոր հարցերու վերաբերեալ օժանդակներու եւ համակիրներու հետ խորհրդակցելու գործելակերպը եւ կիրարկել արագ խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու արդիւնաւէտ եղանակներ»։ Ուստի ատենն է, որ անոնք ալ, փոխանակ այլազանուելու օժանդակներէն, իրաւամբ համարուին նոյնպէս մեր օժանդակները։
Եւ հիմա կ՛ուզեմ ակնարկել խորագրիս առաջին մասով յիշուած «գնայուն անցորդներուն»։ Ասոնք անոնք են, որոնք, դիմելով ու մտնելով մեր շարքերը, սխալ դուռ են թակեր։ Եկեր են, մնացեր տարի մը թէ տասը տարի ու անցեր-գացեր են։ Եղեր են նոյնիսկ պարագաներ, երբ իրենց կուսակցական երդումը տալէ անմիջապէս ետք անհետացեր են։ Այո՛, հազուագիւտ դէպքեր են այս վերջինները, սակայն եղեր են ու մնացեր են մեր յիշողութեան մէջ։ Ոմանք արագ անդրադարձեր են, որ իրենց տեղը չէ այս խստամբեր կազմակերպութիւնը։ Ուրիշներ գուցէ ինչ-ինչ առաւելութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ ակնկալեր են ու հիասթափուեր։ Չեմ ուրանար համոզումերու փոփոխութիւնը, որ ոմանց պարագային կրնայ իրաւ ըլլալ, ոչ ալ հաւաքական կեանքի անխուսափելի հետեւանք անհաճոյ վերաբերումը, որ կրնայ խրտչեցնել ուրիշներ։
Կարեւոր չեն պատճառները կամ պատրուակները։ Կարեւորը առկայութիւնն է այդ երեւոյթին, որ ամբողջովին հակապատկերն է մեր համակիրներու ցուցաբերած հաւատարմութեան ու ընծայած ծառայութեան։
Հասկնալի է, որ մարդիկ կրնան առարկայական այլազան պատճառներ ունենալ՝ առողջութեան, այլապէս զբաղուածութեան, ասպարէզին կամ այլ ազդակներու վերաբերեալ, եւ գիտենք, որ այդպիսիները ցաւով կը բացակային կամ հեռու կը մնան՝ պահելով հանդերձ իրենց համոզումներն ու ազգային երազները եւ հնարաւոր միջոցներով նոյնիսկ հեռուէ հեռու իրենց ներկայութիւնը կը զգացնեն, սակայն կան նաեւ ուրիշներ… այդ միւսները։
Աւելի լաւ է՝ մենք ալ զիրենք «գնայուն անցորդներ» նկատենք ու անցնի՛նք…
«Դրօշակ»