ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի արձանագրած նուազումին զուգահեռ, Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ Երկուշաբթի օր այցելեց կարգ մը հանրախանութներ՝ ստուգելու համար սննդեղէնի եւ այլ ապրանքատեսակներու սակերը:
Սալամ շեշտեց, որ արտօնելի չէ, որ սակերը չնուազեցուին՝ աւելցնելով, որ նախարարութիւնը քաղաքապետարաններուն հետ գործակցութեամբ պիտի խստացնէ սակերու հսկողութիւնը:
Սալամ նաեւ հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր նիստը պիտի գումարէ 24 Յունուարին, իսկ պետական ամավարկը պիտի ըլլայ անոր քննարկելիք օրակարգի առաջին կէտը:
Նշենք, որ աւելի կանուխ «Ամալ» շարժումը եւ «Հըզպալլա»ն հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, խոստանալով վերադառնալ կառավարութեան նիստերուն։
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ վարչապետը կ՛ողջունէ այդ որոշումը:
Վերոնշեալ կուսակցութիւնները որոշած էին չմասնակցիլ ժողովներուն, անդամալուծելով անոր գործունէութիւնը, որովհետեւ անարդար կը նկատեն «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին պատասխանատու դատաւորին որդեգրած հակասահմանադրական քայլերը»։
Նկատի ունենալով այս զարգացումները, սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը երկու օրուան մէջ տասը հազար լիբանանեան ոսկիի նուազում մը արձանագրեց, այսնքն՝ 33,000 լ. ոսկիէն նուազեցաւ 23,000 լ. ոսկիի, սակայն այս բոլորը ոչինչ կը նշանակեն, այնքան ատեն որ լիբանանցիներուն գնելու կարողութիւնը կը մնայ սահմանափակ, իսկ վառելանիւթի, դեղորայքի եւ սննդեղէնի սղաճը կը մնայ տիրական: Փաստօրէն, լիբանանեան դրամանիշը կորսնցուցած է իր արժէքին 93 առ հարիւրը, եւ զայն վերականգնելու աշխատանքը, եթէ սկսի, պիտի ըլլայ դժուար ու երկարատեւ: