
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ, հարազատին եւ բարեկամուհիին՝ Մարօ Ե. Սթանպուլեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 3 Յունուար 2022ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave. Glendale CA 91204, ապա թաղումը՝ ժամը 10:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան The God’s Acre շրջափակին մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles։
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Կարօ Սթանպուլեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Րաֆֆի Սթանպուլեան եւ ընտանիք
Ռէյ եւ Անահիտ Պետեան եւ ընտանիք
Եսայի Մարգարեան եւ ընտանիք
Արմէն Մարգարեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ քրոջ՝ Գարմէնի, զաւակները՝ Ճէյսըն եւ Լորա
Եւ համայն հարազատները, բարեկամները եւ Վելի Վիլէճի իր թաղամասի բոլոր հոգատար դրացիներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Լիբանանի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին (Hamazkayin Jemaran Assoc., P.O.Box 280042, Northridge, CA 91328 – www.djemaran.edu.lb/donate)
ՄԱՐՕ Ե. ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի եղբայրները եւ հարազատները՝ Իսթանպուլեան ընտանիքները իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնելով, գրութեամբ, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին: