
Արձանագրութիւնները սկսած են։ 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուող շրջանին մէջ, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2022։
«Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր վայելքով լեզուն կ՛իւրացուի եւ այս նպատակով կը հաւաքուին Սփիւռքի մանուկները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչութիւն ունին իրարու հետ.
– 10էն 17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին, յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։
Այս երկու ծրագիրներուն մասնակցողներուն թիւը սահմանափակ է։ Հաճեցէք նկատի ունենալ նաեւ արձանագրութիւններուն ժամկէտը՝ 6 Մարտ։
Գալով Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին՝ մէկ մասը տեղի պիտի ունենայ «Զարմանազան»ի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան ընթացքին եւ պիտի աւարտի «Ինալքօ»ի կողմէ վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչներ կարելի է ընդունիլ։ Ծրագիրին եւ արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով։
«Քովիտ» համաճարակին առնչութեամբ՝ ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններուն. զգուշաւոր շարժուձեւեր, մաքրութիւն, հականեխում, բժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններ, որոնք մանրամասնօրէն յայտարարուած են։
Ինչ կը վերաբերի մասնակցողներու պատուաստումին, պիտի հետեւինք նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ ընդունուած կանոններուն։ Մասնակցողներէն կը խնդրուի որ տեղեկանան նաեւ իրենց բնակած երկիրներէն դէպի Ֆրանսա ճամբորդութեան կանոններուն։
Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք կայքը։
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը հաստատուած է 2017ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն)