
ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, 29 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի՝ միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ուր ան հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին, որ ժամանակէ մը ի վեր կը գտնուէր նորոգութեան մէջ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7ին: Առաջնորդ սրբազան հայրը տեղւոյն Ազգային երեսփոխաններուն, Հոգաբարձական կազմին, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի ընկերակցութեամբ մուտք գործեց սրահը եւ հատեց ժապաւէնը, կատարեց օրհնութեան յատուկ կարգ եւ այս առիթով բարձր գնահատանքի ու յոյժ քաջալերանքի խօսքեր արտասանեց՝ ուղղուած բոլոր նուիրեալներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնք անդուլ աշխատեցան, որպէսզի ի կատար ածեն եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահի վերանորոգութեան աշխատանքները՝ ի պանծացումն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն Ֆրեզնոյի հայ կեանքին:
Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան Տէյվիտ Սարապեան, Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան եւ Պիլի Սաաթճեան, իսկ Էրըն Փառնակեան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ վերանորոգուած սրահի պատին զետեղուած Արեւ Պետրոսեանի արուեստի գործին մասին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

