
Սա մահ կոչուած սադայէլը ամէն անգամ ճիւաղային նոր հարուածով մը ինքզինք կը յայտնէ՝ իր դառնաղէտ մագիլները տարածելով մարդ արարածին վրայ։
Ամէն անգամ երբ փորձեմ ներամփոփուիլ եւ վերլուծել անոր էութիւնն ու նպատակը, մտածումներու, պատկերներու շարան մը եւ գաղափարներու յորձանապտոյտ մը զիս իրենց մէջ կլանելով դէպի ջղագարութիւն կը շպրտեն։ Հարուածի ուժգնութեան տուած գլխապտոյտը պատճառ կը դառնայ, որ երկար ժամանակ ուղղութիւնս չկարենամ վերագտնել կամ ճշդորոշել։
Այդպէս պատահեցաւ այս անգամ եւս…։
Ո՞վ տեսած է տիեզերական սա դարաւոր, անշեղ եւ հաստատ դրութեան մէջ, որ արեւը ճիշդ կէսօրին մայր մտնէ։ Եւ ինչպէ՞ս չշշմիլ, երբ դժբախտ զուգադիպութեամբ եւ ակամայ պարտաւորուած ականատես վկան կը դառնաս, նման անհաւանական, ապաժամ եւ անհանդուրժելի թուացող դառն իրականութեան՝ «ճշմարտութեան» մը։
Ո՛չ եւս է տիկին Արաքս Իսթամպոլեանը։
Ի՜նչ երկրաշարժ էր, որ անաղմուկ կործանեց ժպտաշուրթն եւ անձնուէր մեր սիրելի ուսուցչուհին։ Ի՜նչ հեղեղ, որ ակնթարթի մը մէջ քշեց-տարաւ Հայկազունեաց մանկապարտէզի ազնուագոյն հայուհին՝ անգամ առանց հրաժեշտի։ Ի՜նչ վշտամորմոք գոյժ մը, որ իր հարազատներն ու սիրեցեալները ցնցեց իր տրտմաթախիծ բօթովը։ Ի՜նչ թափընթաց յորձանք մը, որ անողորմաբար խլեց իր աշակերտներով ուրախացող ու ապրող սիրեցեալ տիկին Արաքսը։
Որպէս ծնող կրնամ վկայել եւ զինք աւելի մօտէն ճանչցողներն իսկ կրնան հաւաստիացնել, որ տիկին Արաքսը եզակի այն մեծատառ ուսուցիչն էր, որ իր համակ կեանքի ընթացքին սէր բաշխեց, սէր ցանեց եւ սէր հնձեց։ Սիրեց անշահախնդրօրէն, հաւասարապէս եւ առանց որեւէ մէկ ակնկալիքի։
Խօսքին մեղմութիւնը, լեզուին բնածին քաղցրութիւնն ու մելանոյշ երաժշտականութիւնը, սիրալիր ու մտերմիկ յարաբերութիւնը, խօսակիցին նկատմամբ զգուշաւոր փափկանկատութիւնը, շուտով երեւցող ժպիտը եւ իրմէ շատ աւելի համեստ կարողութիւն ունեցողներուն հանդէպ յարգալից վերաբերմունքը, բնականօրէն սիրելի կը դարձնէին զինք։ Յիրաւի, ազնուութիւնն ու հեզաբարութիւնը մշտապէս կ՛արտացոլային իր դէմքին վրայ։ Ժպտադէմ կը ներկայանար մռայլադէմներուն, խնդութեամբ կը վերաբերէր տժգունածներուն հետ եւ կը փորձէր բոլորին մէջ բարին տեսնել եւ բարին ցանել։
Հայ մշակոյթի ու արուեստի սէրն ու ապրումը նոյնպէս տիկին Արաքսի անձին մէջ սրբազան կիրք մըն էին, անմար կրակ մը, որոնք ո՛չ միայն ջերմացուցին իր հոգին, այլեւ Հայկազունեաց մեծ ընտանիքն ու մանուկները։ Ուր որ ալ գտնուեցաւ, ներշնչեց իր խօսքին հմայքով։ Զինեց ու կռանեց հայ ոգիով։ Ոգեշնչեց ու գօտեպնդեց ազգային երազի հեռանկարներով ու տեսիլներով։ Ջրդեղեց ու խորաքանդակեց հայրենիքի յաւերժական ապրումներով ու տենչով։
* * *
Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022 առաւօտը փակը ողողուած էր մանուկներով ու ծնողներով։ Յուզիչ էր հրաժեշտի այդ դողաշունչ պահը։ Բոլորը եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու եւ աղօթելու անոր անմեղ հոգիին համար։ Կարելի չէր հաւատալ, որ մարդ այսքան հեշտութեամբ կրնար հրաժարիլ կեանքէ մը, ուր հոգեւին եւ ողջ էութեամբ շրջանակ մը զինք այսքան գորովագին կը սիրէր։ Շրջանակ մը, որ իր ընդվզած ու սգաւոր սիրտը, այդ օր դառնակսկիծ հառաչներով քամեց արտասուաթոր արցունքով։ Ժողովուրդ, որուն միասնական եւ հոգեբուխ աղօթքը, տիկին Արաքսի բիւրեղեայ հոգւոյն կողքին եւ զուգահեռ, աղաւնեթռիչ թեւածեց առ Արարիչն Աստուծոյ։
Ժամանակի եւ տարածութեան սահմանագծումներով շրջանակուած աշխարհին եւ կեանքի արժեչափերով պայմանաւորեալ մեր մտքին մէջ, ինչպէ՞ս զետեղել, թէ մահը վերջը չէ՛ կեանքին, թէ՝ մահը ամէնէն մեծ ուժը չէ՛ մարդկային մեր գոյութեան մէջ, թէ՝ մահը այն ամենազօր ու ամենայաղթ չարիքը չէ՛, որմէ ստէպ մարդիկ կը սոսկան։ Քրիստոնէական ըմբռնումով, մահը ա՛նցք է եւ ո՛չ՝ վերջնակայան, ելքի ճանապարհ է եւ ո՛չ թէ կենսահանգիստ, շարունակուող էջ մըն է եւ ո՛չ կնքիչ վերջաբան՝ կենաց գրքին մէջ, այլ նոր կեանքի մը, յաւիտենական կեանքի մը սկիզբն է։ Այո՛, թէեւ տիկին Արաքսը իր աչքերը փակեց այս երկնակամարին վրայ, սակայն եւ այնպէս ժառանգեց անթառամ պսակը՝ հաղորդ դառնալով հրեշտակներու լուսազգեաց փաղանգին։
* * *
Սիրելի՛ տիկին Արաքսի,
Ձեր երկնային բնակավայրէն նայեցէ՛ք ձեր ձեռնասուններուն, որոնք իբրեւ ատոք սերմեր փթթած են եւ ի մօտոյ պիտի ծլարձակին։ Ձեր անունը Հայկազունեաց մանկապարտէզի մանուկներու հոգւոյն մէջ մշտապէս դաջուած պիտի մնայ։ Վստահ գիտցէք, թէ կեանքի այն սկզբունքները, որոնք դուք ապրեցաք ձեր համակ կեանքի ընթացքին, ձեր ապրելակերպի օրինակով իւրաքանչիւրիս հետ պիտի մնան, եւ մենք՝ մեր հերթին, որպէս ծնողներ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան զանոնք պիտի յուշենք մեր զաւակներուն։
Ճիշդ է, որ ձեր սիրելիներուն հրաժեշտ տալու պահը չունեցաք, բայց դուք միշտ պիտի մնաք մեր բոլորին սիրելի ու անկրկնելի ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ։
Ծնող մը