
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ քրէական հետապնդումներ յարուցելը` զանոնք կոչելով «շինծու եւ հակահայ նկատառումներով թելադրուած»:
«Արցախի քաղաքացիական անձանց արտադատական սպանութիւնների եւ հայ ռազմագերիների բռնի անհետացումների մէջ ներգրաւուած անձանց յայտնաբերելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջան ահաբեկիչներ բերելու յանցագործ ցանցերը բացայայտելու ջանքեր գործադրելու փոխարէն, Ադրբեջանը նոր թափով է ծաւալում երկար տարիներ վարած հայատեաց քաղաքականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղում, Հայաստան-Ադրբեջան սահմանագօտում հետագայ լարուածութեան յարուցման նորանոր փորձեր է ձեռնարկում», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Երեւան կոչ ուղղեց Պաքուին՝ կառուցողական դաշտին մէջ լուծումներ փնտռելու եւ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու բարօրութեան վերաբերող քայլերու ձեռնարկելու:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց տարածաշրջանին մէջ «խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան հաստատման վերաբերող ջանքեր գործադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը»: