ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20ին, Մատրիտի մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Մէսթըրզ» մակարդակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ չորրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 6-4, 6-7 (6-8), 7-6 (7-2) արդիւնքով պարտութեան մատնեց ռուս Մարաթ Սաֆինը, հասնելով կիսաւարտականին:
Սակայն, Շաբաթ օր Նալպանտեան դէմ յանդիման եկաւ աշխարհի թիւ մէկ թենիսմէնին՝ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետէրէրին, որ կրցաւ 6-4, 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել: Յայտնենք, թէ Կիրակի օր Ֆետէրէր շահեցաւ մրցաշարքին բաժակը, որ այս տարուան իր 10րդ տիտղոսն էր:
Երկուշաբթի օր հրապարակուած նորագոյն դասաւորումներուն մէջ, Նալպանտեան, որ Մատրիտի մրցաշարքէն հեռացաւ 112,500 տոլար մրցանակով մը, չորրորդ դիրքէն երրորդ դիրք բարձրացաւ աշխարհի լաւագոյն թենիսմէններու մնայուն ցանկին մէջ, իսկ այս տարուան ցանկին մէջ ան կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը: