ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի ներկայ կացութեան մասին Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին տրուած հազուադէպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկրին ամերիկեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճորճ Քէյսի եւ Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Զալմայ Խալիլզատ երկրին մէջ տիրող անկայունութեան գլխաւոր պատասխանատու համարեցին Իրանն ու Սուրիան, պնդելով, թէ «Քայիտա»ի կողքին Թեհրանն ու Դամասկոս դիտումնաւոր աշխատանք կը տանին ձախողութեան մատնելու համար «Իրաքի մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու» ամերիկեան ջանքերը:
Իրանի եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները անցեալին անհիմն որակած են նման ամբաստանութիւններ, Իրաքի քաոսային վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն համարելով ամերիկեան անպատասխանատու քաղաքականութիւնը:
Խալիլզատ նաեւ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան նման երկիրներու հետ կը փորձէ գործակցիլ, համոզելու համար Իրաքի սիւննի ապստամբները, որ վար դնեն իրենց զէնքերը եւ քաղաքական դաշտ մուտք գործեն: