ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Ապրիլին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոն Քելեկըրը:
Պապիկեան ներկայացուց իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին եւ Արցախի մէջ։ Նշելով, որ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնն եւ ապահովութիւնը՝ ան շեշտեց, որ իրավիճակի սրումը կանխելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել։
Դեսպանը հաստատեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի լարուածութեան թուլացման եւ խաղաղ ուղիով հարցերու լուծման ջանքերուն` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափով:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ պաշտպանական բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, կարեւոր նկատեցին փոխգործակցութիւնը ռազմակրթական, ուսումնավարժական եւ խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման նպաստող ոլորտներուն մէջ։
Նախարարը ընդունեց նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Մարթինա Շմիցը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Մարդու իրաւունքները եւ կանայք Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ» ծրագիրի 2րդ փուլին ընթացքը եւ անոր իրականացման վերաբերող հարցեր:
Պապիկեան բարձր գնահատեց Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ համագործակցութեան ծիրին մէջ զինուած ուժերուն մէջ իրազեկուածութեան բարձրացման, մարդու իրաւունքներու, որոնց կարգին կին զինուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ զինուորական գործերու իրաւական գործընթացներու արդիւնաւէտութեան ամրապնդման, ռազմական կրթութեան զարգացման ու շարունակականութեան ապահովման, անձնակազմի հմտութիւններու եւ կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ մինչ օրս կատարուած աշխատանքները:
Պապիկեանը կարեւոր նկատեց «մարդու իրաւունքները եւ կանայք Հայաստանի զինուած ուժերում» ծրագիրի շարունակականութիւնը եւ յայտնեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը համագործակցութեան յետագայ զարգացման վերաբերեալ: