
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։

Անոր նախորդեց առանձին հանդիպում մը՝ Փաշինեանի եւ Միշէլի միջեւ։ Անոնք անդրադարձան նախատեսուած եռակողմ հանդիպումին եւ կարեւոր նկատեցին երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Փաշինեան ներկայացուց ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական հարցերը եւ ընդգծեց միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը։
Փաշինեան եւ Միշէլ միտքեր փոխանակեցին նախորդ տարուան 14 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ` յոյս յայտնելով, որ եռակողմ բանակցութիւնները կ՛ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան ու հարցերու համապարփակ կարգաւորման:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմ օրակարգի վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար՝ միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2.6 միլիառ եուրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի իրագործման ընթացքը: