ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Շանթ Սահակեան ընտրուեցաւ Քալիֆորնիոյ կրթական վարչութիւններու միութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, որ կը բաղկանայ նահանգի տարածքին գործող կրթաշրջաններու եւ գաւառներու պաշտօնատարներէ։
Սոյն խորհրդարանին մէջ Շանթ Սահակեան պիտի ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ կրթական վարչութիւններու միութեան 23-A շրջանին մէջ գտնուող առաւել քան 100,000 աշակերտները, որոնք կը յաճախեն 13 կրթաշրջաններու վարժարանները։