
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ 11 Ապրիլին յայտարարեց, թէ պիտի զօրակցի Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Էլեն Ասատրեանի ընտրապայքարին, դրուատելով անոր իրագործումները։
7 Յունիսին տեղի ունենալիք տեղական ընտրութիւններուն, Ասատրեան արդէն իսկ ապահոված է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շարք մը այլ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու զօրակցութիւնը։
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։