
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութիւնը՝ դիտել տուաւ, որ Մոսկուա կը մեկնի այն կէտէն, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը հիմնուած պիտի ըլլայ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն վրայ՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ:
Ան յիշեցուց, որ նախորդ շաբաթ Ռուսիոյ նախագահը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ քննարկեց այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբող հարցեր։ Այս եղած է նիւթը 8 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հեռաձայնային զրոյցներուն: Այս բոլորին ընթացքին մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան:
Զախարովա հաստատեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ համաչափ աջակցութիւն ցուցաբերել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Միւս կողմէ, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ հայկական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը շարունակէ տեսնել ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով։
Ան խօսեցաւ իր եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ զրոյցին մասին՝ ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած: «Քննարկել ենք այն, ինչ վերջին 1 տարուայ ընթացքում քննարկուել է եւ արձանագրուել է նաեւ Բրիւսելում երկրների ղեկավարների հանդիպման արդիւնքներով, այն է` սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման մեխանիզմները (գործիքակազմերը), ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ կնքուելիք ենթադրեալ կարգաւորման պայմանագրին ուղղուած բանակցութիւնների մեկնարկի շուրջ երկու կողմերի պատկերացումները», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան ընդգծեց, որ երկկողմ բանակցութիւններ տեղի չեն ունեցած, եղած է խօսակցութիւն` բանակցութիւններու մեկնարկին մասին:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան` նախարարը ըսաւ. «Մեր պատկերացումները ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան վերաբերեալ ամբողջութեամբ մնում են ուժի մէջ: Մենք տեսնում ենք ԼՂի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում: Այն կոնֆերանսը (խորհրդաժողովը), որով հիմնադրուել է այդ ձեւաչափը, այդ կոնֆերանսի որոշումը ոչ ոք աշխարհում չի չեղարկել, այն ուժի մէջ է»:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ, դժբախտաբար, համանախագահող երկիրներուն միջեւ հակասութիւնները այս պահուն յայտնի պատճառներով այնքան բարենպաստ չեն, որ կարենան երեքով քննարկում կազմակերպել: «Եւ մենք չենք կարող թոյլ տալ, որ այդ առումով որեւէ վակում (դատարկութիւն) առաջանայ», ըսաւ Միրզոյեան:
Any agreement imposed by 3 allies is non acceptable because from
the first day 1921, is illegal; all these manipulation is TO LEGALIZE
ILLEGALITY. Total parliament, “ELECTED”, IS ENGINEERED by local
5th column and KGB, “proving”, that THERE IS NO OTHER POLITICAL
FORCES OR NATIONALIST, ONLY PRO 3 ALLIES “SUPPORTERS 100%”,
WHICH IS NOT TRUE, WHEN THERE IS 25 POLITICAL PARTIES AND
NON OF THEM WERE ABLE TO OBTAIN MORE THAN 3-5 % VOICES,
NOT ONE NATIONALIST IS ELECTED, ALL THIS IS FRAUDULENT,
LIKE STALIN’S DAYS “98%” ELECTED PARLIAMENT. THIS OPPRESSOR
“MAJORITY”, ACTUALLY MINORITY, MUST RESIGN. ONE YEAR, NOT ONE
SINGLE RESOLUTION FOR ARMENIA PROGRESS IS VOTED, FEARING
INQUIRY FOR THEIR PAST LOOTING IN ARZAKH AND ARMENIA COULD
be REVEALED, WITH HEAVY CONSEQUENCES , CONTRARY FOR THEIR
DAILY “TALKING MAGPIES CHARADES”, SINCE 22 YEARS : REALIZING,
BUT NOT ACTING TO CHANGE IS EQUAL TO ACCEPT >>>TOTAL
ARMENIA VANISHING FROM MAP<<< !!!!!. we hope *NOT SO BE IT"
IS ACCEPTABLE TO TOTAL NATION….